ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋ

«Հայաստան կրնայ դառնալ Եւրոասիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան կամուրջ», յայտարարեց Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ երէկ Ղազախիստանի մէջ կազմակերպուած Եւրոասիոյ մետիա ֆորումի քննարկումներուն ժամանակ։

Եւրոասիոյ 16-րդ մետիա ֆորումը կազմակերպուեցաւ՝ «Ապահամաշխարհայնացում. աշխարհ զարգացման նոր մոտելներու որոնման մէջ» խորագրեալ քննարկման ներքեւ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան այս քննարկման սկիզբին մատնանշեց, որ չի հաւատար ապահամաշխարհայնացման եզրոյթին։ «Համաշխարհայնացումը չէ աւարտած, ան պիտի շարունակէ եւ պիտի ըլլայ աւելի արագ։ Համաշխարհայնացումը այսօր չէ սկսած, տարիներ կամ տասնամեակներ առաջ կար, այն սկսած է հարիւրաւոր, հազարաւոր տարիներ առաջ՝ Մետաքսի ճանապարհէն ու անկէ ալ առաջ։ Աշխարհ այդ ժամանակ արդէն իսկ համաշխարհայնացած էր եւ համաշխարհայնացման տարբերակները ուրիշ էին։ Այսօր համաշխարհայնացումը կը շարունակուի», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։ Ֆորումի ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ ան համաձայն գտնուեցաւ, թէ համաշխարհայնացման գործընթացին մէջ դժուարութիւններ կան զանազան մակարդակներու վրայ եւ այսօրուան կարեւորագոյն հարցը կը վերաբերի այդ գործընթացը կառավարելու։

Անդրադառնալով Հայաստանի պարագային՝ նախագահը ըսաւ. «Հայաստան փոքր պետութիւն է, բայց համաշխարհային ազգ մը կը ներկայացնէ եւ կը կարծեմ, թէ մենք կ՚ըլլանք այն ժողովուրդը, որ գիտէ, ինչպէս յարմարուիլ։ Ժողովուրդ, որ պատմութեան ընթացքին անցած է հսկայական ողբերգութիւններու ընդմէջէն եւ կեանքը սկսած է դարձեալ։ Սա շատ կարեւոր որակ մըն է նոր աշխարհի մէջ, ուր աւելի քիչ են յստակութիւնները եւ աւելի շատ են անորոշութիւնները։ Հայաստան եղած է ու կը շարունակէ մնալ խաչմերուկի վրայ։ Հայաստան խաչմերուկ է։ Այդ պատճառով մեր երկիրը սորված է աշխատիլ բոլորի հետ եւ սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու հետ։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան համաձայնագիր ստորագրած է Եւրոմիութեան հետ եւ ես այստեղ որեւէ հակասութիւն չեմ տեսներ։ Աւելի՛ն. Հայաստան ունի առաւելութիւն եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է փորձէ օգտուիլ այդ առաւելութենէն, որովհետեւ Հայաստան միակն է, որ խոր յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Եւրոմիութեան եւ թէ Ռուսաստանի եւ Եւրոասիոյ հետ։ Ուստի ինչո՞ւ չօգտագործել որպէս կամուրջ հանդէս եկող Հայաստանի հնարաւորութիւնները»։

Ֆորումի ընթացքին նախագահը խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ։ Ան յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան բանակցութիւններ կը վարեն եւ ինք լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ այս խնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Սակայն այս հարցը Հայաստանի չի հեռացներ՝ միջազգային յարաբերութիւններու, Եւրոասիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան հարթակ ըլլալու հնարաւորութենէն», ընդգծեց Արմէն Սարգսեան ֆորումի ընթացքին։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2019