ԼԵԶՈՒԻ ՄԸ ՀԵՏՔՈՎ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Քարշը սանաթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 17 յունիս։ «Լեզուի մը հետքով» կոչուած այս ցուցահանդէսը կը ցոլացնէ 1990-ական թուականներէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ մշակութային գետնի վրայ տարուած մայրենի լեզուի պայքարը։ Վերջին շուրջ երեք տասնամեակին մայրենիով կատարուած մշակութային արտադրութեան եւ իրաւունքի պայքարի մասին այս ցուցահանդէսը կեդրոնացած է հինգ լեզուներու վրայ, որոնք են հայերէնը, չերքեզերէնը, համշիներէնը, քիւրտերէնը ու լազերէնը։ Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի Թուքրիոյ մշակոյթներու աշխատանքային խումբի նախաձեռնութեան հիման վրայ պատրաստուած ցուցահանդէս մըն է այս մէկը։ Յիշեալ խումբը կը գլխաւորէ յայտնի ակադեմական Պիւլենտ Պիլմէզ։ Ցուցահանդէսի քիւրաթէօրը եղած է Տիտէմ Տայը։ Երէկուան բացման ընթացքին Պիւլենտ Պիլմէզ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Վերոյիշեալ լեզուներու եւ մշակոյթներու բնորոշ երաժշտութիւն ալ մատուցուեցաւ ցուցահանդէսի բացման մասնակիցներուն։ Հակական բաժնին մէջ տեղ յատկացուած էր նաեւ թրքահայ համայնքային մամուլին՝ ներառեալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Ցուցահանդէսի հայկական բաժնի ձեւաւորման իր նպաստը բերած էր նաեւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։

Այս ցուցահանդէսի մեկնակէտը այն է, որ մշակութային իրաւունքներն ու ինքնութեան պայքարը 1990-ական թուականներէն սկսեալ ինչպէս Թուրքիոյ մէջ, այնպէս ալ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ ներս զգալի դարձած են լրջօրէն։ Գրեթէ բոլոր լեզուներն ու հաւատի խմբաւորումները ազդեցութեան տակ առած այս պայքարի սկզբնակէտը բնորոշած է մայրենի լեզուն եւ այդ մայրենի լեզուի հանրային հարթութեան վրայ ներկայացուիլը։ Մայրենիով մշակութային արտադրութիւնը վերջին շուրջ երեսուն տարուան ընթացքին շատ լայն վէճի մը առարկան դարձած է։ Ուստի, ցուցահանդէսն ալ խոշորացոյցի տակ կը բերէ այս բոլորը։ Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի Թուրքիոյ մշակոյթներու աշխատանքային խումբը այս ցուցահանդէսը պատրաստելու ժամանակ վերոյիշեալ հինգ լեզուներու օրինակով ուսումնասիրած է լեզուի պայքարի բոլոր ազդակները՝ ամբողջ բարդութիւնով ու արտադրական ճոխութիւնով հանդերձ։ Այդ բոլոր լեզուները միեւնոյն ժամանակ կը համարուին Թուրքիոյ բնորոշ լեզուներ։ Ուստի, ցուցահանդէսը հետապնդած է նաեւ 1990-ական թուականներէն ցայսօր ապրուածներու հիման վրայ որոշ չափով վերականգնելու յիշողութիւն մը եւ համապատասխան բնագաւառէ ներս նոր քննարկումներու առիթ հանդիսանալու նպատակը։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2019