ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉ ԱՐԱՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան 2006 թուականէն ի վեր կը վարէր վերատեսուչի պաշտօնը։ Հայաստանի մէջ շուրջ տարի մը առաջ յեղափոխութեան զուգահեռ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան շրջանէն ի վեր օրակարգի վրայ էր Արամ Սիմոնեանի հրաժարականի հարցը։ Ան զանազան պնդումներով կ՚ենթարկուէր քննադատութեան եւ թիրախ դարձած էր լուրջ շարժումի մը, որով կը պահանջուէր իր պաշտօնէն հեռացումը։

Այս բոլորէն վերջ Արամ Սիմոնեան երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ ընդգծեց, որ համալսարանի շահը գերակայ համարելով՝ կը թողու իր լիազօրութիւնները։ Հրաժարեալ վերատեսուչը անդրադարձաւ նաեւ երկրի բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ իրեն հասցէագրուած մեղադրանքներուն, որոնք համարեց ծիծաղելի։ Սիմոնեան յիշեցուց, որ ինք երբեք չէ կառչած համալսարանի վերատեսուչի աթոռէն։

Հրաժարեալ վերատեսուչը միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ համալսարանի շուրջ ստեղծուած լարուածութեան մեղաւորը ո՛չ ինքն է, ո՛չ ալ համալսարանը։ «Այս բանի մեղաւորը բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտէն ներս քաղաքականութիւն իրականացնող մարմիններու ներկայացուցիչներն են», նշեց Արամ Սիմոնեան երէկ հրապարակած հրաժարականի յայտարարութեան մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2019