«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ»Ը ԱՆԽԱՓԱՆ
Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն»ը կը շարունակուի անխափան։ Ընդդիմադիր ցուցարարները այս առաւօտ շրջափակեցին Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը, ուր ոստիկանութեան ու բողոքաւորներուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ։ Ընդդիմադիրները արտաքին գործոց փոխ-նախարարներուն հետ ալ հանդիպում մը ունեցան՝ մինչ նախարարութեան մուտքի ցուցատախտակին վրայ փակցուցին Արցախի դրօշներ։
Շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովի լոյսին տակ ընդդիմութեան պոռթկումը բազմապատկուած է։ «Դիմադրութիւն»ի յայտարարութիւնով շեշտուեցաւ, որ Փաշինեան-Ալիեւ համաձայնութիւնով Արցախի հայերը կը դիտարկուին Ատրպէյճանի կազմէն ներս ազգային փոքրամասնութիւն։ Ընդդիմադիր գործիչները կը շեշտեն, որ «Ղարաբաղի էթնիք հայկական բնակչութիւն» ձեւակերպումը կը նշանակէ համաձայն գտնուիլ Արցախի Ատրպէյճանի կազմին մէջ ներառման։
Հայաստանի նախկին մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան Պրիւքսելի յայտարարութեան լոյսին տակ յայտնեց, որ բացարձակ անտեսուած են Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքն ու Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը։
Իր կարգին, Հայ ազգային քոնկրէսի փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեանն ալ յայտնեց, որ Պրիւքսելի մէջ կատարուածը ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան կը հրաժարի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին աջակցելէ։
Միւս կողմէ, իշխանական ճամբարի երեսփոխաններէն Արսէն Թորոսեան ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառման մէջ ըսաւ. «Ընդդիմութիւնը կը փորձէ Հայաստանը մղել լուսանցք եւ կասեցնել տարածաշրջանային գործօն դառնալու գործընթացը»։