ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Իսրայէլ եւ Պաղեստին։ Նախարարին օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Թել Աւիւ, ուրկէ ան ուղղակիօրէն Արեւմտեան Շարիայի ճանապարհը կը բռնէ։ Չավուշօղլու կը տեսակցի Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալքիի հետ, նաեւ կ՚ընդունուի Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի կողմէ։ Այս շփումներէն վերջ նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը ցամաքի ճանապարհով կը վերադառնայ Թել Աւիւ։ Թուրքիայէն արտաքին գործոց նախարար մը արդէն 15 տարի վերջ է, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Իսրայէլ։ Չավուշօղլու բանակցութիւններ կը վարէ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտի հետ։ Օրակարգի առաջնահերթ նիւթերէն մին է երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերստին դեսպանի մակարդակին բարձրացնելը։ 2017 թուականին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը ճանչցած էր՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք, այդ շրջանին բռնկած բողոքի ցոյցերուն մէջ բազմաթիւ պաղեստինցիներ սպաննուած էին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիա ետ կանչած էր Թել Աւիւի իր դեսպանը, Իսրայէլն ալ նոյն ձեւով փոխադարձած էր այդ քայլին։
Անցեալ մարտին Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոք այցելած էր Թուրքիա, ինչ որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր։ Վերջին շրջանին ԱՄՆ Արեւելեան Միջերկրականի բնական կազի խողովակաշարի ծրագիրէն ետ քաշեց իր նեցուկը եւ զուգահեռաբար օրակարգի վրայ եկաւ Իսրայէլի բնական կազը Թուրքիոյ վրայով դէպի Եւրոպա տեղափոխելու նիւթը։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները նոր իրավիճակի մը ծնունդ տուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլուի այս օրուան այցելութեան մասին արդէն յայտարարուած էր վաղուց՝ մինչ կը նախատեսուէր նաեւ Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզի ալ մեկնիլը։ Յամենայնդէպս, ներկայ դրութեամբ Չավուշօղլու առանձին կ՚իրականացնէ դէպի Իսրայէլ այցելութիւնը եւ հաւանական է, որ Տէօնմէզն ալ ապագային ձեռնարկէ այլ ուղեւորութեան մը։
Թրքական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու դէպի Իսրայէլ ուղեւորութեան ընթացքին կ՚այցելէ նաեւ Երուսաղէմի արեւելքի Մեսճիտի Աքսան, ուր մօտաւոր անցեալի Ռամազանի ընթացքին Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ բիրտ միջամտութիւններ տեղի ունեցած էին։ Ըստ որոշ աղբիւրներու, Չավուշօղլուի այս այցելութիւնը որոշ անհանգստութիւն յառաջացուցած է Իսրայէլի մօտ։