ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ ՄԸ

Ազ­գա­յին Մեծ ժո­ղո­վի 25-րդ շր­ջա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րը, ո­րոնք ընտ­րուած էին Յու­նիս 7-ի ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին, ե­րէկ կա­տա­րե­ցին ի­րենց եր­դու­մը եւ ձեռ­նար­կե­ցին պաշ­տօ­նի։ Ի­րենց եր­դում­նե­րը կա­տա­րե­ցին նաեւ խորհր­դա­րա­նի ե­րեք հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը՝ Սե­լի­նա Տո­ղան, Մար­գար Է­սաեան եւ Կա­րա­պետ Փայ­լան, ո­րոնք եր­կար տա­րի­ներ ետք կը դառ­նան ա­ռա­ջին հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը երկ­րի խորհր­դա­րա­նէն ներս։

Որ­պէս ա­մե­նաե­րէց ե­րես­փո­խան, Տե­նիզ Պայ­քալ ստանձ­նեց խորհր­դա­րա­նի առ­ժա­մեայ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Իսկ խորհր­դա­րա­նի դի­ւա­նին ան­դամ­նե­րը դար­ձան ա­մե­նակրտ­սեր ե­րես­փո­խան­նե­րը, ո­րոնց շար­քին էր նաեւ Ապ­տուլ­լահ Էօ­ճա­լա­նի եղ­բօր դուստ­րը՝ Ուր­ֆա­յի ե­րես­փո­խան Տի­լէք Էօ­ճա­լան։ Իր բաց­ման խօս­քին մէջ Տե­նիզ Պայ­քալ յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա 1999-էն ի վեր աշ­խար­հի հզօ­րա­գոյն քսան տնտե­սու­թիւն­նե­րէն մէկն է, ինչ որ պար­ծան­քի ա­ռիթ մըն է ժո­ղո­վուր­դին եւ զայն ներ­կա­յաց­նող խորհր­դա­րա­նին հա­մար։ «Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ոչ թէ իշ­խող­նե­րու մէկ շնորհն է, այլ ստի­պո­ղու­թիւն մը։ Խորհր­դա­րա­նը ու­նի բազ­մա­կի են­թա­հող մը՝ կա­ռու­ցե­լու հա­մար նոր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն մը։ Այ­լեւս ան­տե­ղի է տե­ւա­կա­նաց­նել այն բե­ւե­ռա­ցու­մը, որ յա­ռաջ ե­կած էր ան­ցեա­լի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րէն», ը­սաւ Պայ­քալ իր բաց­ման խօս­քին ըն­թաց­քին նշե­լով, թէ հա­կա­ռակ տար­բեր հա­ւատք­նե­րու եւ դա­ւա­նանք­նե­րու, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան տէր ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին, հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ ար­գելք մը չէ ե­ղած միա­ւո­րուե­լու միաս­նա­կան քա­ղա­քա­կան ինք­նու­թեան մը շուրջ։ Պայ­քալ ընդգ­ծեց նաեւ, թէ ի­րա­ւա­գի­տու­թիւնն ու ար­դա­րա­դա­տու­թիւ­նը դուրս պէտք է թո­ղուլ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն։ Ան ո­գե­կո­չեց նաեւ խորհր­դա­րա­նի բո­լոր նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լի։ Իր ե­լոյ­թէն ետք ան կա­տա­րեց իր եր­դու­մը։

Խորհր­դա­րա­նի երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, որ խորհր­դա­րա­նի մուտ­քին դի­մա­ւո­րուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ։ Մուտ­քին զին­քը դի­մա­ւո­րեց առ­ժա­մեայ նա­խա­գահ Տե­նիզ Պայ­քալ։ Սա­կայն իր խորհր­դա­րա­նի դահ­լիճ մուտ­քին, միայն ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ու յոտն­կայս ող­ջու­նե­ցին, իսկ միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը լռու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­ցին նա­խա­գա­հը։ Ան միայն 45 վայր­կեան հե­տե­ւե­ցաւ նիս­տին եւ յե­տոյ բաժ­նուե­ցաւ խորհր­դա­րա­նէն։

Ա­պա ե­րես­փո­խան­նե­րը ըստ ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցած քա­ղաք­նե­րուն, այբ­բե­նա­կան կար­գով ե­կան բեմ ու կա­տա­րե­ցին ի­րենց եր­դու­մը։ Խորհր­դա­րա­նին մաս կազ­մած հայ ե­րես­փո­խան­նե­րը՝ Մար­գար Է­սաեան, Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Կա­րա­պետ Փայ­լան ալ կա­տա­րե­ցին ի­րենց եր­դում­նե­րը։ Խորհր­դա­րա­նի այլ ազ­գու­թիւն­նե­րուն պատ­կա­նող ե­րես­փո­խան­նե­րուն երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներն ալ ար­ժա­նա­ցան հե­տաքրք­րու­թեան, մա­նա­ւանդ որ ա­նոնց­մէ մէ­կը՝ Տիար­պա­քը­րի ե­րես­փո­խան Ֆե­լեք­նազ Ու­ճա իր եր­դու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար թրքե­րէն սոր­ված էր։

Մին­չեւ Յու­նիս 27-ը ե­րես­փո­խան­նե­րը պի­տի կա­րե­նան ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րել խորհր­դա­րա­նի եւ դի­ւա­նի նա­խա­գա­հու­թեան հա­մար։ Նա­խա­գա­հու­թեան ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­նիս 30-ին։ Ե­թէ նա­խա­գահ մը չընտ­րուի, յա­ջորդ փու­լե­րու ընտ­րու­թիւ­նը պի­տի կա­յա­նայ Յու­լի­սի 1-ին։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2015