ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ԽԱՂԱՂԵՑԱՒ
Երեքշաբթի առտուան դէմ ելեկտրականութեան սակերու թանկացումին դէմ բողոքի դուրս ելած հազարաւոր երեւանցիներու խաղաղ նստացոյցը թիրախ դարձած էր ոստիկանութեան գործողութիւններուն։ Ջրցան մեքենաներով, մահակներով ու վահաններով զինուած ոստիկաններ յարձակած էին խաղաղ նստացոյցի մասնակիցներուն վրայ՝ փորձելով զանոնք հեռացնել Բաղրամեան պողոտայէն։ Ոստիկանները չէին խուսափած նաեւ յարձակելէ լրագրողներուն վրայ, որոնց նկարահանման սարքերուն ալ վնաս հասցուցած էին։ Անոնք կալանաւորած էին նաեւ 237 ցուցարարներ, որոնց մէկ մասը արդէն իսկ ազատ արձակուեցան երէկ իրիկուն։
Ցուցարարները երէկ օրուան ընթացքին համախմբուեցան Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր իրիկուան դէմ արդէն իսկ գոյացած էր մեծ բազմութիւն մը։ Նախաձեռնողները ոստիկանութենէն պահանջեցին մինչեւ իրիկուն ժամը 20.00 ազատ արձակել բոլոր կալանաւորները։ Ժամը 20.00-ին դրական պատասխան չստանալով, ցուցարարները սկսան քալելու դէպի նախագահական պալատ, դարձեալ յայտնուելով Բաղրամեան պողոտային վրայ, ուր իրենց կը սպասէին ոստիկանական ուժերը՝ ցոյցը զսպելու բոլոր միջոցներով։
Ցուցարարները երբ հասան ոստիկանական շղթային, տեղեկացան, որ բոլոր կալանաւորուածները ազատ արձակուած են։
Բաղրամեան պողոտային վրայ ցուցարարներու պատասխանատուները բանակցութիւններ վարեցին ոստիկանութեան ղեկավարներուն հետ, ապահովելու համար ցոյցի խաղաղ ընթացքը։ Փոխ-ոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան խոստացաւ ուժի միջոց չկիրարկել ցուցարարներու դէմ։ Նախապէս ալ փոխ-ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան ներողութիւն խնդրած էր ոստիկանութեան կողմէ գործադրը-ւած բռնութեան համար եւ խոստացած էր պատժել անհամաչափ բռնութիւն գործադրած ոստիկանները։
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնող խումբի անդամները երէկ ուշ գիշերին հրապարակայնօրէն քննարկեցին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ հանդիպելու հարցը։ Կարծիքներ կային, որ համաձայնին հանդիպման գաղափարին այն պայմանով, որ հանդիպումը սփռուի ուղիղ եթերով։
Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը մտահոգութիւն յայտնեց ցուցարարները ցրուելու ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած անհամաչափ ուժին, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ գործադրուած բռնութիւններուն մասին հաղորդումներուն առընչուած։ Կատարուածներուն արձագանգեցին նաեւ ԵԱՀԿ-ը, Երեւանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանութիւնը եւայլն։
Այս եւ այլ դեսպանատուներու եւ միջազգային որոշ կառոյցներու իրադարձութիւններուն հանդէպ բռնած դիրքորոշման շուրջ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Ան ըսաւ, թէ եղած արձագանգները կը դիտարկեն որպէս երկրէ ներս ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղեալ գործընկերներու շահագրգռութեան վկայութիւն։ «Անգամ մը եւս կը վերահաստատենք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան, հիմնարար ազատութիւններուն եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մեր հաւատարմութիւնը», ըսաւ ան։ Նալպանտեան նշեց, թէ իրաւասու մարմինները քննութիւն կը կատարեն ոստիկանութեան իսկ կողմէ մատնա-նըշւած թերութիւնները շտկելու ուղղութեամբ։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցածներուն վերաբերեալ դիմատետրի իր էջին վրայ գրառումներ հրապարակեց նաեւ հեղինակաւոր արուեստագէտ Սերժ Թանգեան։ Ան նախ նշեց, թէ կ՚ամրապնդուի Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ աւելցուց, որ նման ծառայութիւններ մատուցող օտար ընկերութիւնները պէտք է ազգայնացուին։