ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Վենետիկի մէջ այսօր պիտի ներկայացուի Մեծ եղեռնի վերաբերեալ բեմադրութիւն մը՝ «Արեւելեան կողմնաշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ» խորագրով։
Բեմադրութիւնը նախաձեռնած է Մխիթարեան միաբանութիւնը, որուն աջակցած են բարերարներ՝ Ժոզէֆ եւ Ճեննի Ուղուրլուեանները։ Ներկայացման բեմադրիչն է Մարքօ Պելլուսի, իսկ մասնակիցներէն մէկն ալ՝ Օթթավիա Փիքոլօ, որ 1970-ին Քաննի փառատօնին մրցանակ ստացած է կանացի լաւագոյն դերակատարութեան համար։
Բեմադրութեան հեղինակները իրենց պատկերացումը կը ներկայացնեն 1915-ին սկսած դէպքերուն վերաբերեալ։ Կը ներկայացուին ականատեսներու յիշողութիւնները՝ հատուածներ հայ, թուրք եւ գերմանացի հեղինակներէ, ինչպէս նաեւ հայկական եւ թրքական ժողովրդական երգեր։ Բեմադրութեան նիւթը ո՛չ միայն յիշողութեան ներկայացում մըն է, այլեւ՝ երկխօսութեան մթնոլորտ ստեղծելու փորձ։ Բեմադրութեան պիտի մասնակցին տուտուկահար Արամ Իփէքճեան, ինչպէս նաեւ «Գասպար Եթէս» ձայնային համոյթը՝ Ճաստին Ռափաչոլիի ղեկավարութեամբ։