ԱՅՆՇԹԱՅՆԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ
Լիթվացի նկարչուհիներ Եոլիտա Վաիտքուտէ ու Էմիլիա Վինզանովայտէ հիմնականին կը զբաղին ինքնատիպ արուեստագէտներու ստեղծմամբ՝ որպէս հումք կիրառելով համեղ ուտելիքներ:
Այսպէս, իրենց ստեղծագործութիւններուն ապացոյցն է անոնց հերթական «գլուխգործոցը»՝ Ալպերթ Այնշթայնի՝ տարատեսակ քաղցրաւենիքներէ պատրաստուած դիմանկարը:
Տաղանդաշատ կիները կը յայտնեն են, որ պատկերը ստեղծելու համար պէտք ունեցած են հինգ ժամու ու մէկ տասնեակէ աւելի քաղցրաւենիքի տեսակի, ինչպէս նաեւ՝ հատապտուղներու:
«Անկեղծ ըսելու համար՝ շատ դժուար էր ստեղծել Այնշթայնի դիմանկարը ու դիմադրել այս համեղ քաղցրաւինքները ուտելու գայթակղութեան», ըսած է Եոլիտա Վաիտքուտէ: