ԱՆԳԱՐԱ-ՊԱՔՈՒ-ԹԻՖԼԻԶ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՊԱԹՈՒՄԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթներուն։ Թիֆլիզի ղեկավարութեան կողմէ պիտի հիւրընկալուի եռակողմանի այս հերթական հանդիպումը։ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշվիլի տեղեկացուց, որ Յուլիսի վերջաւորութեան կամ Օգոստոսի սկիզբին եռակողմանի հանդիպումը նախատեսուած է Պաթումի մէջ։ Կողմերը ներկայիս աշխատանք կը տանին յուշագրի մը բովանդակութեան վրայ եւ հաւանական է, որ Պաթումի հանդիպման ընթացքին ստորագրուի այդ փաստաթուղթը։ Խիտաշվիլիի խօսքերով, կողմերը ջանքեր կը գործադրեն բոլոր հարցերուն համատեղ լուծում գտնելու համար։
Հարկ է նշել, որ եռակողմանի այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենար Յուլիսի սկիզբին, սակայն Թուրքիոյ մէջ պաշտպանութեան նախարարի փոփոխութեան պատճառով թուականը յետաձգուեցաւ։
Միւս կողմէ, Պաքուի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հանդիպումներ կը ծրագրեն՝ Վրաստանի, Իրանի եւ Թիւրքմենիստանի նախագահներուն հետ։ Մինչեւ տարեվերջ կը ծրագրուի Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Աւելի վերջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համատեղ ջանքերով եռակողմանի ձեւաչափի մէջ հանդիպումներ կը ծրագրուին նաեւ Թիւրքմենիստանի եւ Իրանի նախագահներուն հետ։
Այս հանդիպումներուն օրակարգն ու ճշգրիտ ժամկէտները պիտի որոշուին՝ յառաջիկայ շրջանին յիշեալ երկիրներու ղեկավարներու ներկայացուցիչներու խորհրդակցութիւններուն ընթացքին։