ԱՆԳԼԻԱ ՈՐՈՇԵՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԷՆ

Անգ­լիոյ մէջ ե­րէկ ժո­ղո­վուր­դը քուէա­տու­փի մօտ փու­թաց՝ ո­րո­շե­լու հա­մար, թէ եր­կի­րը պէտք է շա­րու­նա­կէ մնալ Ե­ւրո­միու­թեան կազ­մէն ներս, թէ ոչ։ Brexit կո­չուած այս հան­րա­քուէն օ­րե­րէ ի վեր ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­ներ ինչ­պէս այդ երկ­րին, այն­պէս ալ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան օ­րա­կար­գը։ Պատ­մա­կան քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին ա­ռա­ւե­լու­թեան հա­սան՝ ԵՄ-էն դուրս գա­լու կողմ­նա­կից­նե­րը։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն հա­ղոր­դե­ցին սկզբնա­կան ան­պաշ­տօն ար­դիւնք­նե­րը, ըստ ո­րոնց քուէարկող­նե­րուն շուրջ 52 տո­կո­սը ԵՄ-էն դուրս գա­լուն հա­ւա­նու­թիւն տուած է, ԵՄ-ի կողմ­նա­կից­նե­րը ա­պա­հո­ված են ձայ­նե­րուն 48 տո­կո­սը։:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016