ՃՈԼԻ-ՓԻԹ ԱՆՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Հոլիվուտի աշխարհահռչակ ատղ Անճելինա Ճոլի ուշադրութիւն չի դարձներ հասարակութեան կարծիքի վրայ։ Այն պահուն, երբ ողջ աշխարհը կը քննարկէ անոր եւ Պրետ Փիթի հաւանական ամուսնալուծութիւնը, դերասանուհին կրակի վրայ իւղ լեցուցած է։ Ինչպէս յայտնի է, ներկայիս զոյգը միասին կ՚ապրի Լոնտոնի մէջ, քանի որ Պրետ Փիթ կը նկարահանուի պատմական ժապաւէնի մը մէջ։ Հանգստեան օրերուն զոյգը որոշած է հանգստանալ առօրեայ խնդիրներէն, բայց անոնք այս ձեւով հիասթափեցուցած են իրենց երկրպագուները, քանի որ անոնք հանգիստի մեկնած են առանձին-առանձին։ Այս հանգստեան օրերուն Պրետ Փիթ մեկնած է Ֆրանսա, իսկ Անճելինա Ճոլի իր երախաներուն ու եղբօր հետ Նիւ Եորքի մէջ է։
Միւս կողմէ, Անճելինա Ճոլի կը փորձէ գիրնալ, որպէսզի փրկէ Պրետ Փիթի հետ ամուսնութիւնը, ըստ լրատուամիջոցներու։ Վերջին տարուան ընթացքին մամուլի մէջ աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ էր, թէ ինչպէ՛ս Անճելինա Ճոլի կը կորսնցնէ քիլօները։ Ի հարկէ, անոր խնդիրը շատ կ՚անհանգստացնէ Պրետ Փիթը։ Իրավիճակը հասած է հոն, որ զոյգի յարաբերութիւններուն մէջ բազմաթիւ խնդիրներ ծագած են։ Դերասանուհին կտրականապէս հրաժարած է փոխել իր սննդակարգը, չնայած որ ամուսինը դէմ էր, իսկ բժիշկները կը պնդէին, որ ան կրնայ առողջական շատ լուրջ խնդիրներ դիմագրաւել։ «Էնճիի առողջութեան հարցը այնքան յաճախ կը քննարկուի անոնց տան մէջ, որ կրնայ ամուսնալուծութեամբ աւարտիլ։ Սովապահութեամբ, որով ան զինք կը տանջէ, կրնայ դերասանուհին հիւանդանոց հասցնել։ Արդիւնքին Պրետ Փիթ Անճելինա Ճոլիին առջեւ հարց դրած է՝ կա՛մ ան կը վերադառնայ իր բնական կշիռքը, կա՛մ իրենք կ՚ամուսնալուծուին»։ Յայտնի չէ, թէ ինչ պատասխանած է նման հարցադրման Ճոլին։ Սակայն վերջին լուսանկարներուն մէջ շատեր կը նկատեն, որ դերասանուհին քիչ մը աւելի առողջ տեսք ստացած է։ Լրատուամիջոցները նաեւ հաղորդած են, որ դերասանուհին սկսած է սնուիլ այդ սննադականոնով այն ժամանակ, երբ ամերիկացի թեթեւաթլէթի մասին ժապաւէն կը նկարահանէր։ Վերջինս ճաբոնական քոնցլագերի պատանդներէն եղած է եւ ժապաւէնը աւելի արժանահաւատ դարձնելու համար Ճոլի դերասաններու հետ սկսած է սովապահութեան։