ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ
Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ կառուցումը նախատեսուած երկաթուղին կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Թէեւ բաւական դանդաղ կ՚ընթանան աշխատանքները, սակայն այս ծրագիրը միշտ մաս կը կազմէ Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան օրակարգին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան վերջերս երկրի խորհրդարանին մէջ բացատրութիւններ տուաւ այս ծրագրի ընթացքին շուրջ՝ պատասխանելով երեսփոխանի մը հարցման։ Այսպէս, Իրան մասնագէտներ պիտի ուղարկէ Հայաստան՝ երկաթուղիի կառուցման հարցին շուրջ օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։
Ըստ նախարարի բացատրութիւններուն, մասնագէտները թէեւ շուտով պիտի մեկնին Հայաստան, սակայն երկաթուղիի աշխատանքներուն սկսելու համար անհրաժեշտ է նիւթական միջոցներ։ «Մենք այսօր ունինք թեքնիկ ուսումնասիրութիւն, կ՚աշխատինք, որպէսզի ունենանք գումարներ այդ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար», ըսաւ Գագիկ Բեգլարեան։
Իր բացատրութիւններուն մէջ Բեգլարեան անդրադարձաւ նաեւ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին։ «Մենք այս ճանապարհով պիտի կարենանք լուծել կարեւոր հարցեր։ Ես այստեղ ըսած եմ, որ պեթոնէ ճանապարհը, Ագարակէն սկսեալ փոխարինած ենք ասֆալթապատ ճանապարհով եւ մենք երկու տարուան ընթացքին պիտի կարենանք ունենալ որակեալ ճանապարհ մը՝ Ագարակի եւ Սիսիանի միջեւ։ Քաջարանի մօտ ալ կը կառուցուի շուրջ 5 քիլօմեթր երկարութեամբ փակուղի մը, որով կարելի պիտի ըլլայ Իրանին առաջարկ ներկայացնել՝ հասնելու համար մինչեւ Երասխ ու այնտեղէն ալ բեռնաւորուելով ուղեւորուիլ դէպի Վրաստան։ Մինչեւ երկաթուղիին կառուցումը Հայաստան պիտի կարենայ Իրանին այլընտրանք ճանապարհ մը առաջարկել՝ դէպի Սեւ ծով դուրս գալու համար։ Մենք արդէն Իրանի քանի մը փոխադրական կազմակերպութիւններուն հետ ունինք պայմանաւորուածութիւններ, անոնք համաձայն գտնուած են օգտագործել այդ ուղղութիւնը», յայտնեց Բեգլարեան։