ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­խա­տան­քա­յին խորհր­դակ­ցու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը։ Այս խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի մօ­տա­լուտ յո­բե­լեա­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Վե­րո­յի­շեալ խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը քննար­կում­ներ ծա­ւա­լե­ցին՝ որ­պէս­զի յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ միաս­նա­բար նշեն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին զու­գա­հեռ պի­տի տօ­նախմ­բուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-րդ տա­րե­դար­ձը։

Այս շրջագ­ծով կը նա­խա­տե­սուի, որ ԱՄՆ-ի զա­նա­զան նա­հանգ­նե­րէն հա­յեր հա­մախմ­բուին Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ու մաս­նակ­ցին կազ­մա­կեր­պուե­լիք յա­տուկ ձեռ­նարկ­նե­րուն։ Ծրագ­րին միաս­նա­կան ջան­քե­րով մշա­կու­մը եւ յստա­կե­ցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հան­րա­յին կար­ծի­քը տե­ղեակ պի­տի պա­հուի այդ բո­լոր քայ­լե­րէն։

Յո­բե­լե­նա­կան ծրագ­րին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կը հա­մա­կար­գուին Ո­ւա­շիկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Գրի­գոր Յով­հան­նի­սեա­նի կող­մէ։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016