ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը այ­սօր կը ժա­մա­նէ Հա­յաս­տան։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է այս մէ­կը։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ստա­ցած է նոր թափ։ Վա­տի­կա­նի եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը խո­րա­նայ նո­րա­նոր հե­ռան­կար­նե­րով։

Քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հան­դի­պում­նե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին առ­կայ ի­րադ­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն կը ներ­կա­յաց­նեն բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն։ Այ­սօր հա­մայն աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի վրայ։ Քրիս­տո­նէա­թափ­ման ա­հա­զան­գա­յին պայ­ման­նե­րուն մէջ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ա­նու­րա­նա­լի է։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով՝ Վա­տի­կան հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու տե­սա­կէ­տէ ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րա­կա­տար մըն է։ Հե­տե­ւա­բար, եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րուն ող­ջա­գու­րու­մով ան­նա­խըն­թաց պատ­գամ մը պի­տի փո­խան­ցուի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան։

Հա­յաս­տան քրիս­տո­նեայ Ա­րե­ւել­քի դար­պա­սը կը հա­մա­րուի եւ իր այդ բնոյ­թով միշտ հա­մա­կե­ցու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան դիր­քե­րէ հան­դէս կու գայ։ Թէ՛ պե­տու­թիւ­նը եւ թէ՛ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը յա­մառ ջան­քե­րով կը ջա­նան կան­խել թիւր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ որ­պէս­զի երկ­րի դի­մագ­րա­ւած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն կրօ­նա­կան ե­րանգ չվե­րագ­րուի։

Կրօն­նե­րու մի­ջեւ թշնա­ման­քի կամ ա­տե­լու­թեան սեր­մա­նու­մը այ­սօ­րուան աշ­խար­հի ծան­րակ­շիռ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն մին է։ Այդ բո­լո­րի յաղ­թա­հար­ման ճա­նա­պար­հին անհ­րա­ժեշտ է հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու կող­մէ լայ­նա­խո­հու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան եւ հան­դուր­ժո­ղու­թեան պատ­գամ­նե­րուն փո­խան­ցու­մը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին եւ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին Սուրբ Էջ­միած­նի խոր­հա­խոր­հուրդ մթնո­լոր­տին մէջ ող­ջա­գու­րու­մը պի­տի գայ վե­րա­հաս­տա­տել հա­մա­պա­տաս­խան կամ­քը ու պի­տի փո­խան­ցէ խա­ղա­ղու­թեան պատ­գամ մը. խա­ղա­ղու­թիւն, ո­րու գրա­ւա­կան­նե­րը կը հա­մա­րուին ար­դա­րու­թիւ­նը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու բո­լո­րի հա­ւա­տին, խղճին նկատ­մամբ բիւր յար­գան­քը։

Ըստ Հա­յաս­տա­նէն հա­սած լու­րե­րուն, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Սրբա­զան Պա­պը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն սպի­տակ ա­ղաւ­նի­ներ պի­տի ար­ձա­կեն դէ­պի Ա­րա­րատ լե­ռը։ Մաղ­թենք, ա­նոնց ա­ղօթք­նե­րով ար­ձա­կուե­լիք ա­ղաւ­նի­նե­րը թե­ւա­ծեն ա­նար­գել ու հաս­նին ճիշդ հաս­ցէ։  

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016