ՎԱԼԱՆՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ԴՊՐՈՑ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-

Եր­կար տա­րի­նե­րու լճա­ցու­մէ ետք, այն­պէս կը թուի, թէ ֆրան­սա­հա­յու­թիւ­նը, գո­նէ ա­նոր մէկ հա­տուա­ծը սթա­փած է, թմբի­րէն արթն­ցած եւ անդ­րա­դար­ձած է նոր սե­րուն­դի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան:

Մե­զի ա՛յդ է, որ մտա­ծել կու տան վեր­ջին շրջա­նին հաս­նող ի­րե­րա­յա­ջորդ ու­րախ լու­րե­րը: Ար­դա­րեւ, նախ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Ալ­ֆոր­վի­լի նոր՝ «Հ. Ա­րա­պեա­ն» կրթա­հա­մա­լի­րին, ա­պա նոր թափ տրուե­ցաւ Ի­սիի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին՝ Հա­մազ­գա­յի­նի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան դա­շին­քի կնքու­մով, այ­նու­հե­տեւ՝ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ Ալ­ֆոր­վի­լի վե­րոն­շեալ կրթա­հա­մա­լի­րին մէջ միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի հե­տա­գայ բաց­ման լու­րը:

Իսկ ներ­կա­յիս, մե­զի յղուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թե­նէ մը կ՚ի­մա­նանք, թէ Վա­լան­սի մէջ հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ կրթա­րան մը հիմ­նե­լու հե­ռան­կա­րով կազ­մուած է ըն­կե­րակ­ցու­թիւն մը՝ AGEFAV (Վա­լան­սի ֆրան­քեւ­հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի յան­ձանձ­ման ըն­կե­րակ­ցու­թիւն):

Վե­րոն­շեալ հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը կար­դանք.

«Ա­նոր (AGEFAV-ի) նպա­տակն է հիմ­նել Հան­րա­պե­տու­թեան կրթօ­ճախ­նե­րու ար­ժէք­նե­րուն բո­լո­րո­վին յա­րիր՝ բազ­մա­լե­զու ո­րա­կա­ւոր կրթու­թեան ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան մը։

«Կրթա­րա­նը շեշ­տը պի­տի դնէ նաեւ բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րու, նե­րա­ռեալ՝ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման վրայ, որ­պէս­զի ա­պա­հո­վուի ե­րա­խա­յին ի­մա­ցա­կան զար­գա­ցու­մը եւ ին­քու­թե­նա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։

«Ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­գոր­ծուի APCAF-ի (Ֆրան­սա­յի մէջ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի տա­րած­ման ըն­կե­րակ­ցու­թիւն) հետ, ո­րուն կը նա­խա­գա­հէ թե­մի նախ­կին ա­ռաջ­նորդ Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեան, նաեւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ Վա­լան­սի Հայ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին։

«Ֆրան­քեւ­հայ­կա­կան ա­պա­գայ դպրո­ցը պի­տի հաս­տա­տուի Ս. Սա­հակ հայ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։

«Տե­ղե­կա­տուա­կան հան­րա­յին ժո­ղով մը պի­տի գու­մա­րուի ներ­կա­յու­թեամբ՝ Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեա­նի, ինչ­պէս նաեւ APCAF-ի այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, Վա­լան­սի Հայ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան եւ AGEFAV-ի, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2016 Յու­լիս 3-ին, Վա­լան­սի Ս. Սա­հակ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ։

«AGEFAV-ի գրա­սե­նեակ (Շա­ղիկ Յով­սէ­փեան, Համ­բիկ Յով­սէ­փեան, Մա­րի-Անժ Սի­րա­նո­սեան, Թա­մար Սի­րա­նո­սեան, Ստե­փան Հա­մա­լեան)»։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016