ԳՈՎԱԶԴԱՅԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ

Burberry ընկերութեան ստեղծագործական տնօրէն Ռիքարտօ Թիսչի յառաջիկայ աշուն-ձմեռ 2020 հաւաքածոյին մէջ ուսումնասիրեց երկուութեան գաղափարը, որ դարձաւ ապրանքանիշի կայուն մշակութային ծածկագիրը: Տանքօ Սթէյնըրի տեսախցիկէն այս անգամ ընկերութիւնը կը ներկայացնէ ռուս բնորդուհի Իրինա Շէյք եւ ճամայիքացի բնորդ Ռիս Նելսըն։

«Զիս միշտ հրապուրեց երկուութեան գաղափարը եւ երկու տեսանկիւնէ իրերուն նայելու գաղափարը։ Այս գովազդային արշաւին մէջ կը ներկայացուի հայելային արտացոլման գաղափարը», ըսաւ Burberry ընկերութեան ստեղծագործական տնօրէն Թիսչի:

Հաւաքածոյի մէջ ան կը վերաիմաստաւորէ նորաձեւութեան տան արխիւային բնորդները՝ զանոնք ներկայացնելով նոր, արդիականացուած գովազդով։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020