ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՊԱՔՈՒԻ ՋԱՐԴԵՐ. 1905 ԹՈՒԱԿԱՆ» ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Պա­քուի ջար­դեր. 1905 թուա­կան» գրքին շնոր­հան­դէ­սը։ 20-րդ դա­րաս­կիզ­բին Պա­քուի նա­հան­գա­պետ ե­ղած Ա­լեք­սանտր Նո­վի­քո­վի անձ­նա­կան օ­րագ­րու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րուած պատ­մա­կան փաս­տե­րու վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւնն է այս գոր­ծը, որ լոյս կը սփռէ այդ ժա­մա­նակ Պա­քուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գիր­քի խմբա­գի­րը՝ «Ան­տի­տո­պոր» լրա­տուա­կան-վեր­լուա­ծա­կան կեդ­րո­նի մեկ­նա­բան Վա­տիմ Յա­րու­թիւ­նով տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս մէ­կը կը կրէ խորհր­դան­շա­կան բնոյթ։ Գիր­քը լոյս տե­սած է 2015-ի խորհր­դան­շա­կան տա­րուան մէջ եւ Պա­քուի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու 110-րդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ։ 1905-1906 թուա­կան­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը թէեւ կը կո­չուին հայ-թա­թա­րա­կան ջար­դեր, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Ա­լեք­սանտր Նո­վի­քով իր օ­րագ­րու­թեան մէջ նշած է, թէ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը միայն հա­յոց ջար­դերն են։ Ան իր օ­րագ­րու­թեան մէջ նկա­րագ­րած է ապ­րուած­նե­րը ու խօ­սած՝ հա­յոց դիակ­նե­րուն մա­սին։ Վա­տիմ Յա­րու­թիւ­նով նշած է, թէ գիր­քը յայտ­նա­բե­րած է պա­տա­հա­կան ձե­ւով։ «Հին գիրք մըն էր, լոյս տե­սած էր հա­ւա­նա­բար տասն օ­րի­նա­կով, վա­ճառ­քի հա­նուած էր։ Ես այդ մէ­կը գնե­ցի եւ երբ կար­դա­ցի զայն, ո­րո­շե­ցի վե­րահ­րա­տա­րա­կել։ Հասկ­ցայ, որ գտա­ծոյ մըն է, նման բան մը հա­մա­ցան­ցի վրայ կամ գրա­խա­նութ­նե­րու մօտ չկար», ը­սաւ Վա­տիմ Յա­րու­թիւ­նով եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ռու­սաս­տա­նի մէջ տա­կա­ւին ո­րե­ւէ շնոր­հան­դէս տե­ղի չէ ու­նե­ցած։ Գոր­ծը կար­դա­ցած են ա­նոնք, ո­րոնք պա­տուի­րած են։

Ա­լեք­սանտր Նո­վի­քով, ըստ իր նա­խա­բա­նին գիր­քը գրած է 1905 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին։ Հե­ղի­նա­կը դար­ձած է ա­րիւ­նա­լի դէպ­քե­րու ա­կա­նա­տե­սը։ Վկա­նե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան հիմ­նա­կան մա­սը կ՚ընդգր­կէ յօ­դուած­ներ ու նա­մակ­ներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015