ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ «ՌԱՏԻՕ ԱՅԳ» ԱՌՑԱՆՑ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րէ ներս գոր­ծող «Ռա­տիօ Այգ»ի հիմ­նա­դիր Շա­քէ Ման­կա­սա­րեանն ու իր քոյ­րե­րը՝ Սե­դա եւ Լու­սին Ման­կա­սա­րեան­նե­րը։ Այս ռա­տիո­յի խոր­հուր­դի միւս ան­դամ­ներն ալ ներ­կայ էին ըն­դու­նե­լու­թեան։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան «Ռա­տիօ Այգ»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ տե­սակ­ցե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ իր մօտ էին Գա­նա­տա­յի «Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ» ազ­գա­յին շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ դպրո­ցի փոխ-տնօ­րէն Ա­րա Տէր-Յա­րու­թիւ­նեա­նի։

Այս առ­թիւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան բարձր գնա­հա­տեց «Ռա­տիօ Այգ»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­յա­պահ­պա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու տա­րած­ման ա­ռու­մով։ «Ա­ռանց նիւ­թա­կան շահ հե­տապն­դե­լու, սի­րե­լի Շա­քէ, դուք եւ ձեր ամ­բողջ անձ­նա­կազ­մը ջանք, ժա­մա­նակ ու մեծ ե­ռանդ կը ներդնէք հայ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան, Սփիւռ­քի մէջ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւոր գոր­ծին մէջ», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ այս ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը յա­ջո­ղու­թեամբ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «Հա­յերն այ­սօր» առ­ցանց թեր­թին, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն հետ։ Այս վեր­ջին­նե­րուն որ­պէս օ­րի­նակ նա­խա­րա­րը թուար­կեց «Եր­կիր մե­տիա» եւ «Ար­մէ­նիա» հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ռա­տիոն։ Ըստ ի­րեն, այս­պէ­սով ա­րեւմ­տա­հայ լե­զուն կը սփռուի Հա­յաս­տա­նի մէջ, իսկ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը՝ Սփիւռ­քի հայ հա­մայնք­նե­րէն ներս։

Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, ի դէպս Ման­կա­սա­րեան քոյ­րե­րուն «Ռա­տիօ Այգ»ին յանձ­նեց մրցա­նակ մը՝ հա­յա­պահ­պան­ման գոր­ծին մէջ նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դի հա­մար։

Շա­քէ Ման­կա­սա­րեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այս բարձր գնա­հա­տան­քին կա­պակ­ցու­թեամբ ու նշեց, որ Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ այս մրցա­նա­կը նոր խթան մը պի­տի հան­դի­սա­նան «Ռա­տիօ Այգ»ի ամ­բողջ աշ­խա­տա­կազ­մին հա­մար՝ ա­ռա­ւել ո­գեշն­չուած ու ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Ըստ Շա­քէ Ման­կա­սա­րեա­նի, ի­րենց առ­ցանց ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը կը գոր­ծէ 2011 թուա­կա­նէն ի վեր։ Ի­րենց սփռում­նե­րը կ՚ընդգր­կեն Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ լրա­տուու­թիւն­ներ, քա­ղա­քա­կան, հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին հա­ղոր­դում­ներ, հար­ցազ­րոյց­ներ։ Բնա­կա­նա­բար կայ նաեւ ե­րաժշ­տու­թիւն, ո­րու շրջագ­ծով ա­ռա­ւե­լա­գոյն տե­ղը կը յատ­կա­ցուի հայ­կա­կան ազ­գա­յին եր­գա­րուես­տին՝ ժո­ղովր­դա­կան, ա­շու­ղա­կան, գու­սա­նա­կան ու բնա­կա­նա­բար դա­սա­կան։

Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներն ալ դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցան Շա­քէ Ման­կա­սա­րեա­նին ու «Ռա­տիօ Այգ»ի մա­սին։ Ա­նոնք շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ու մա­նաւնդ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան ու գնա­հա­տան­քին հա­մար։ Հիւ­րե­րը հա­ւաս­տիա­ցու­ցին, որ սի­րով ու նոր լից­քով պի­տի շա­րու­նա­կեն Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ առ­ցանց ձայ­նաս­փիւ­ռի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015