ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ… ԴԱՐՁԵԱԼ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Անտ­րիօ (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշրջան։ Ծա­նօթ է, որ միջ­նորդ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցան Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի մէջ՝ մէկ­տե­ղուե­լով Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Միջ­նորդ­նե­րը Ե­րե­ւա­նի ի­րենց հան­դի­պում­նե­րէն վերջ ան­ցան Վիեն­նա, ուր­կէ ու­ղե­ւո­րուե­ցան Պա­քու ու վե­րա­դար­ձան դար­ձեալ Վիեն­նա, ուր ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ­նե­րուն տե­ղե­կա­տուու­թիւն փո­խան­ցել կը նա­խա­տե­սեն։

Այս վեր­ջին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ե­րէկ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Ա­նոնք շեշ­տե­ցին, որ Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի ի­րենց վեր­ջին շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին ընդգ­ծած են բարձր մա­կար­դա­կի վեր­ջին հան­դի­պում­նե­րը եւ նա­խա­գահ­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին հետ քննար­կած՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ըն­թա­ցիկ ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ «Մենք ող­ջու­նած ենք նա­խա­գահ­նե­րու՝ ա­ւե­լի ուշ՝ այս տա­րուան ըն­թաց­քին հան­դի­պե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը եւ ա­նոնք ի­րենց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն յանձ­նա­րա­րած են՝ շա­րու­նա­կել աշ­խա­տան­քը հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ նա­խա­գա­հա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին շուրջ։ Մենք նաեւ ող­ջու­նած ենք շփման գծի եւ հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նի վեր­ջին շրջա­նի յա­րա­բե­րա­կան կա­յու­նու­թիւ­նը, ինչ որ վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­մընկ­նե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խո­շոր մի­ջազ­գա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու հետ։ Այ­նուա­մե­նա­յա­նիւ, մենք մտա­հո­գուած ենք վեր­ջին շրջա­նին լա­րուա­ծու­թեան ա­ճով ու կոչ ը­րած ենք նա­խա­գահ­նե­րուն՝ զերծ մնալ բռնու­թեան մա­հա­ցու սրա­ցու­մէն ու բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն ձեռ­նար­կել՝ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը խստօ­րէն պահ­պա­նե­լու հա­մար։ Նա­խա­գահ­նե­րը կրկնած են ան­յայտ կոր­սուած­նե­րու տուեալ­նե­րու փո­խա­նակ­ման շուրջ ի­րենց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ», մատ­նան­շուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան եւ Իլ­համ Ա­լիեւ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են ի­րա­րու հետ հան­դի­պե­լու մա­սին։ Միջ­նորդ­ներն ալ այս հի­ման վրայ կ՚ող­ջու­նեն նա­խա­գահ­նե­րու՝ այս տա­րի ա­ւե­լի ուշ հան­դի­պե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը Սարգ­սեա­նի եւ Ա­լիե­ւի հետ քննար­կած են բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղեալ ներ­կայ ա­ռա­ջարկ­նե­րը։

Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րէն Ճէյմս Ո­ւոր­լիք եւ Ի­կոր Փո­փով Պա­քուի մէջ ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րին Ատր­պէյ­ճա­նի կարգ մը լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն։ Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը փա­փաք յայտ­նեց, որ շփման գծին վրայ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ապ­րուած ան­դոր­րը եր­կա­րի։ «Մենք կը կար­ծենք, որ ճա­կա­տի վրայ ան­դոր­րը ե­րաշ­խիք պի­տի ստեղ­ծէ ա­պա­գա­յին վստա­հու­թեան հաս­տատ­ման եւ կող­մե­րու՝ ի­րա­րու նկատ­մամբ յար­գա­լից վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար», ը­սած է Ո­ւոր­լիք եւ ա­ւել­ցու­ցած՝ որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Վիեն­նա­յի քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին կանգ ա­ռած են մին­չեւ տա­րե­վերջ նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան վրայ։

«Մենք կ՚ու­զենք ո­րո­շել նա­խա­գահ­նե­րու մի­ջեւ հան­դիպ­ման շրջա­նակ­նե­րը այն բա­նին հա­մար, որ­պէս­զի, երբ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը նստին սե­ղա­նի մը շուրջ, բա­նակ­ցին ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը խա­ղաղ կար­գա­ւո­րե­լու շուրջ։ Մենք զրոյց­ներ ու­նե­ցած ենք եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եր­կու կող­մե­րը ընդգ­ծած են հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, նշած են շփման գծին վրայ բռնու­թեան ո­րե­ւէ փաս­տի բա­ցա­կա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը։

Ճէյմս Ո­ւոր­լիք Պա­քուի մէջ ը­սաւ, որ շատ կը փա­փա­քին, որ­պէս­զի նա­խա­գահ­նե­րը հան­դի­պին ի­րենց տե­սա­կէ­տէ յար­մար ժա­մա­նա­կով մը եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցի հաս­նին հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման հար­ցին մէջ։

Իր կար­գին, Ի­կոր Փո­փովն ալ յոյս յայտ­նեց հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի աշ­խու­ժաց­ման հա­մար։ Ռուս հա­մա­նա­խա­գա­հին խօս­քե­րով, հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցով հե­տա­գայ քննար­կում­ներն ու հան­դի­պում­նե­րը ար­դէն տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Սեպ­տեմ­բե­րին։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ու­նի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման միաս­նա­կան տես­լա­կան։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան հա­մո­զուած է, որ հա­կա­մար­տու­թեան վերջ­նա­կան կար­գա­ւո­րու­մը հնա­րա­ւոր է միայն հա­շուի առ­նե­լով 1991 թուա­կա­նի ան­կա­խու­թեան հան­րա­քուէն եւ 2006 թուա­կա­նի սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րա­քուէին ժա­մա­նակ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ար­տա­յայ­տած ա­զատ եւ օ­րի­նա­կան կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեան ար­դիւնք­նե­րը։ Միր­զո­յեան շեշ­տած է, թէ իր նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ բո­լոր ջան­քե­րը գոր­ծադ­րել՝ բա­ցա­ռե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ ա­նոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու անվ­տան­գու­թեան դէմ սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ հաս­նե­լու հա­մար ատր­պէյ­ճա­նա-ղա­րա­բաղեան հա­կա­մար­տու­թեան վերջ­նա­կան կար­գա­ւոր­ման՝ միայն խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով։

Ո­ՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸ­ՆԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Միւս կող­մէ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի Կեդ­րո­նա­կան եւ Հա­րա­ւա­յին Ա­սիոյ հար­ցե­րով օգ­նա­կան Ռի­չըրտ Հակ­լընտ Պա­քուի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն ժա­մա­նակ ե­րէկ յայտ­նեց, թէ Ո­ւա­շինկ­թըն կը պահ­պա­նէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին նկատ­մամբ հա­ւատ­քը։ Ա­մե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէ­տը ընդգ­ծեց, թէ հա­կա­մարտ կող­մե­րը պէտք է այդ հար­ցը լու­ծեն փո­խա­դարձ յար­գան­քի հի­ման վրայ։

ԽԱ­ՂԱ­ՂԱ­ՊԱՀ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱՐ­ՑԸ

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, դէ­պի ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան այս վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ միջ­նորդ­նե­րը շարք մը խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին Մոս­կուա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ՝ գոր­ծըն­թա­ցի ա­պա­գայ հա­ւա­նա­կան քայ­լե­րուն շուրջ։ Խօ­սե­լով ա­մե­րի­կա­ցի եւ ռուս պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ տե­ղի ու­նե­ցած այդ դռնփակ հան­դի­պում­նե­րուն մա­սին՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք քա­նի մը օր ա­ռաջ այդ մա­սին տուած էր բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, ակ­նար­կե­լով նաեւ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման հար­ցին։ Ան այս նիւ­թը մա­տու­ցած էր հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք Պա­քուի ե­րէ­կուան իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին եւս խօ­սե­ցաւ այս նոյն նիւ­թին շուրջ։ «Կը կար­ծեմ, որ խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու տե­ղա­կա­յումն ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հար­ցե­րը պէտք է ըլ­լան ո­րե­ւէ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հիմ­նա­կան գոր­ծօ­նը», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք, ո­րու հա­մոզ­մամբ այդ հար­ցը պէտք չէ աչ­քա­թող ը­նեն այս հա­կա­մար­տու­թեան եր­կու կող­մե­րը։ Ան ա­ւել­ցուց, որ սոյն հար­ցե­րը կը քննար­կուին տա­րի­նե­րէ ի վեր։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ կը բա­ցա­ռէր խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու տե­ղա­կա­յու­մը։ Ստե­փա­նա­կեր­տի պաշ­տօ­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մը այ­սօր կար­ծես, թէ են­թար­կուած է փո­փո­խու­թեան։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան վեր­ջերս պար­զա­բա­նեց, թէ ո՛ր պա­րա­գա­յին հա­մա­ձայն պի­տի ըլ­լան Ատր­պէյ­ճա­նի հետ սահ­մա­նի վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը յանձ­նել օ­տա­րերկ­րեայ զի­նուոր­նե­րուն։ Ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սած էր հե­տե­ւեա­լը.

«Ընդ­հան­րա­պէս որ­պէս գա­ղա­փար դէմ չենք խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման։ Ի­րա­վի­ճա­կը հա­սուն պի­տի ըլ­լայ, որ­պէս­զի այդ քայ­լը կա­տա­րուի։ Պէտք է կար­գա­ւո­րուին բո­լոր հար­ցե­րը։ Խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը կը հա­մա­րուին վեր­ջին փու­լը, հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վեր­ջին խորհր­դան­շա­կան դրսե­ւո­րու­մը։ Ատր­պէյ­ճա­նա-ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը ու­նի եր­կու կա­րե­ւո­րա­գոյն հարց՝ Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճակն ու սահ­ման­նե­րը։ Մնա­ցեալ­նե­րը ա­ծան­ցուած են այս եր­կու հար­ցե­րուն։ Երբ այդ հար­ցե­րը կար­գա­ւո­րուին, Ար­ցախն ու Ատր­պէյ­ճա­նը զի­րար ճանչ­նան որ­պէս ինք­նիշ­խան, ան­կախ պե­տու­թիւն, սահ­ման­նե­րը յստա­կե­ցուին, բո­լոր հար­ցե­րը ո­րո­շուին՝ մար­դա­սի­րա­կան, ռազ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան ե­ւայլն, այդ բո­լո­րէն վերջ կա­րե­լի է խօ­սիլ եւ քննար­կել խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման խնդի­րը, այդ ալ՝ սահ­ման­նե­րու եր­կայն­քով»։

­Թէեւ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին հե­տե­ւող մաս­նա­գէտ­ներն ու նոյ­նինքն միջ­նորդ­նե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րեն, որ վեր­ջին շրջա­նին ո­րոշ աշ­խու­ժու­թիւն մը կը նկա­տուի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ, յոյս կը յայտ­նեն հա­ւա­նա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցի մը հաս­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ, սա­կայն Ար­ցա­խի մէջ այդ բո­լո­րին կ՚ար­ձա­գան­գեն զգու­շա­ւոր լա­ւա­տե­սու­թեամբ։ Ըստ Դա­ւիթ Պա­պա­յեա­նի, որ­պէս գոր­ծըն­թաց­նե­րուն քիչ թէ շատ ծա­նօթ մարդ՝ յոյս չու­նի, թէ այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կրնայ կար­գա­ւո­րուիլ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին։ «Ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան նման հիմ­քեր չի թո­ղուր, կը շա­րու­նա­կէ իր ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը։ Անհ­նար է ակն­կա­լել շու­տա­փոյթ կար­գա­ւո­րում», ը­սաւ Պա­պա­յեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015