ԱՐՔԱՅԱԶՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ…

Բրիտանական գահու թագաժառանգ Քէյմպրիճի դուքս Ուիլիըմ եւ իր եղբայրը՝ արքայազն Հարի առաջին անգամ կը պատմեն իրենց մօր՝ արքայադուստր Տայանայի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը մէջ, որ եթերով կը հեռարձակուի ITV հեռուստաալիքէն, այսօր՝ Յուլիսի 24-ին: 

«Տայանա, մեր մայրը՝ անոր կեանքը եւ ժառանգութիւնը» ժապաւէնին մէջ Ուիլիըմ եւ Հարի մասնաւորապէս կը պատմեն անոր վերջին հեռախօսազրոյցի մասին, որ տեղի ունեցած է արքայադստեր մահուընէ քանի մը ժամ առաջ:

Արքայադուստր Տայանա Փարիզէն հեռաձայնած է իր որդիներուն, որոնք իրենց հօր՝ արքայազն Չարլզի եւ Էլիզապէթ թագուհիի հետ Պալմորալ ամրոցն էին:

Արքայազն Հարի կ՚ըսէ, որ ինչպէս շատ թերահասներ, ան չէր սիրեր հեռախօսով խօսիլ իր ծնողներու հետ, այդ պատճառով դժկամութեամբ բացած է հեռախօսը:

«Ես չեմ կրնար յիշել, թէ ինչ պատասխանած եմ անոր, բայց ես իմ ամբողջ հետագայ կեանքիս ընթացքին ափսոսած եմ, որ այդքան կարճ տեւեց այդ զրոյցը: Եթէ ես գիտնայի, որ այդ մէկը վերջինն էր, ես անոր կ՚ըսէի այն ամէնը, ինչ որ պէտք է ըսէի», ըսած է արքայազնը:

Ուիլիըմ նշած է, որ մօր հեռաձայնի այդ պահուն ան իր եղբօր հետ ուրախ ժամանակ կ՚անցընէր, եւ իրենք կը շտապէին աւարտել զրոյցը:

«Մենք Հարիի հետ կը շտապէինք «ցտեսութիւն» ըսել: Այդ հեռախօսազանգը դաջուած է յիշողութեանս մէջ», նշած է Ուիլիըմ:

Տայանան մահացած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ 1997 թուականի Օգոստոսի 31-ի գիշերը երթեւեկի արկածի հետեւանքով, երբ Ուիլիըմ տասնհինգ տարեկան էր, իսկ Հարի՝ տասներկու:

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017