ՍԵՒԱՆԱՅ ԼՃԻ ԱՓԻՆ «ՅՈՒՍՈՅ ԱՌԱԳԱՍՏ»
«Յուսոյ առագաստ-2017» հեղինակաւոր երգի միջազգային փառատօնը Սեւանի ափին համախմբած է հայ եւ օտարազգի կատարողները՝ Ռուսաստանէն, Վրաստանէն եւ Ուքրայնայէն։ Փառատօնը, որ տեղի ունեցած է անընդմէջ երրորդ տարին ըլլալով՝ ունի միջազգային ձեւաչափ:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ փառատօնին ներկայացուած են քանի մը տասնեակ խումբեր, այդ կարգին՝ «Լաւագոյն տասնեակ» անուանակարգին մէջ ընդգրկուած նորանուն հեղինակ-կատարողներ։ Հնչած են ոչ միայն հին ու սիրուած երգեր, այլեւ բազմաթիւ նոր ստեղծագործութիւններ։ Եզրափակիչ համերգին ելոյթ ունեցած է Ռուբէն Հախվերտեան՝ ներկայացնելով նաեւ նոր երգ մը, ապա յաջորդած են հիւրերու ելոյթներ, վկայագրերու, շնորհակալագրերու եւ խորհրդանշական նուէրներու յանձնման արարողութիւն, շուրջ երեք տասնեակ խումբերու մասնակցութեամբ համերգ։ Փառատօնի պաշտօնական բաժինը աւարտած է աւանդաբար կատարուող «Յուսոյ առագաստ» երգով եւ մինչեւ ուշ գիշեր շարունակուած է խարոյկի շուրջ։
2017 թուականի «Յուսոյ առագաստ»ը ոչ միայն մասնակիցներու տեսանկիւնէն աշխարհագրականօրէն ընդգրկուն էր, այլեւ մասնակցիլ փափաքողներուն։ Յայտատուներ կային Արարատի, Սիւնիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի մարզերէն եւ Երեւանէն, իսկ հեղինակային երգի սիրահարներու պակաս բնաւ չզգացուեցաւ նաեւ այս տարի։ Ի դէպ, հանդիսատեսի շարքին էին Կիւմրիի եւ Վանաձորի մանկատան երեխաներ, որոնց համար փառատօնը մշակութային միջավայրի մէջ ըլլալուն, լաւ ժամանակ անցընելու հերթական հնարաւորութիւն էր։
Նախաձեռնող «Սիվիլ արտ» մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը նշած է, որ ամենամեայ փառատօնի նպատակը հեղինակային երգի ասպարզէն ներս նորանուն ստեղծագործողներու բացայայտումն է, անոնց բեմ տրամադրելը, ստեղծագործական յառաջընթացին նպաստելը։