Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան. «Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Չի ԽՈՉԸՆԴՈՏԵՐ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ»

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան չի խոչընդոտեր Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի աշխատանքը։ Հայաստանի tert.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ կրօնական ժողովի ատենապետը յայտնեց, որ Նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է շուտով պետութեան ներկայացնէ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ ժամկէտներն ու կանոնադրութիւնը։ Խօսելով Պատրիարքարանի վերջին զարգացումներուն մասին՝ նորին սրբազնութիւնը ըսած է հետեւեալը. «Պետութիւնն ալ ըստ այդմ իր գնահատականը տայ։ Գուցէ աւելի շուտ, գուցէ աւելի ուշ իրենք նախատեսեն ընտրութիւնը։ Կարծես թէ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է, որպէսզի ընտրութիւնները ըլլան Դեկտեմբերի մէջ»։ Ան աւելցուց, որ ընտրութիւններու թուականի յայտնի դառնալէն վերջ արդէն պարզ պիտի դառնան նաեւ պատրիարքի թեկնածուները։

Ըստ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի բացատրութիւններուն, հիմա Պատրիարքարանի մէջ համայնքային եւ եկեղեցական խնդիրներու լուծմամբ կը զբաղի Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Պատրիարքարանի բոլոր կանոնական կառոյցները պատշաճ ձեւով կը տանին իրենց աշխատանքը, Կրօնական ժողովը կ՚աշխատի։ Պատրիարքարանը կը շարունակէ իր բնականոն աշխատանքը։ Համայնքը բաւական աշխուժացած է, տեղապահն ալ պատշաճ ձեւով կ՚իրականացնէ իր տուած խոստումները։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հարցազրոյցին մէջ մատնանշած է, որ այս պահու դրութեամբ Պատրիարքարանէ ներս առկայ միակ խնդիրն է՝ տեղապահի պաշտօնապէս ստորագրութեան իրաւունք չունենալու հարցը։ Պատրիարքական Աթոռին անունով ստորագրութիւն դնելու իրաւունքը պաշտօնապէս տակաւին կը պատկանի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ «Յոյս կայ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն հարցը պիտի լուծուի եւ ստորագրելու իրաւունքը պիտի տրուի տեղապահին։ Տակաւին փոխանորդէն տեղապահին փոխանցումները չեն եղած, դժբախտաբար Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կեցուածքի պատճառով։ Սակայն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան չի խոչընդոտեր տեղապահի աշխատանքը, ծախսերու հետ կապուած ալ խնդիրներ տակաւին չեն յառաջացած։ Ինչ որ հրամայուած է ինքը կը ստորագրէ», ըսած է ան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017