ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին երկու նախագահները քննարկած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փութին յոյս յայտնեց, թէ տեսակցութիւնը կը նպաստէ տարածքաշրջանային առկայ խնդիրներու լուծումներու որոնման։

Հայաստանեան լրատուամիջոցներն ալ ուշադրութեամբ հետեւեցան այս տեսակցութեան եւ հաղորդեցին, թէ երկու նախագահները կանգ առած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։ Ռուսական մամուլին մէջ վերջերս եղան հրապարակումներ, ըստ որոնց Մոսկուա դարձեալ կ՚աշխուժացնէ միջնորդական ջանքերը ղարաբաղեան հարցին շուրջ։ Մասնաւորապէս «Իզվեստիա» թերթը գրած էր, որ Քրեմլին կը փորձէ յառաջիկային հանդիպում մը կազմակերպել Ալիեւի եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ։ Ըստ թերթին, Երեւան համաձայն գտնուած է, իսկ Պաքու չէ մերժած այդ առաջարկը։ Ատրպէյճան միեւնոյն ժամանակ յառաջ քշած է նախապայման մը՝ որպէսզի բանակցութիւնները կայանան, եթէ յստակօրէն ձեւակերպուի անոնց օրակարգը։

Հայաստանի քաղաքական շրջանակներէն ալ հնչեցին մեկնաբանութիւններ, թէ Փութինի եւ Ալիեւի տեսակցութիւնը միեւնոյն ժամանակ կը կրէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու տեսակցութեան նախապատրաստման բնոյթը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017