ՍԻՆԱԿՈԿԻ ՄՕՏ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ
Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Նեւա Շալոմ սինակոկին առջեւ։ Իսրայէլի կողմէ Երուսաղէմի մէջ՝ Մեսճիտի Աքսայէ ներս ձեռնարկուած միջոցները բողոքելու համար կատարուեցաւ այս ցոյցը։ Շաբաթավերջին Թուրքիոյ օրակարգին վրայ թէ՛ մտահոգութիւն եւ թէ լայն արձագանգ ստեղծեց այս իրադարձութիւնը, որուն զուգահեռ անմիջապէս անվտանգութեան միջոցներ ձեռք առնուեցան քաղաքիս զանազան սինակոկներուն առջեւ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան այս իրադարձութեան։
Պետական աւագանին եւս անմիջապէս արձագանգեց Նեւա Շալոմ սինակոկին առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ հակազդեցութիւնները պէտք է ըլլան չափաւոր եւ իրաւունքի շրջանակին մէջ։ «Ուրիշ կրօններէ մարդոց պաշտամունքի ազատութեան եւ սրբավայրերուն վնաս հասցնելը բացարձակապէս տեղ չունի մեր քաղաքակրթութեան մէջ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Երուսաղէմի մէջ պատահած ոտնձգութիւնները չեն կրնար արդարացնել մահմետականներու կողմէ այլոց իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւնները։
Իր կարգին, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ հանդէս եկաւ պաղարիւնութեան կոչով։ Ան յիշեցուց, որ դարերէ ի վեր մեր հրեայ հայրենակիցներուն հետ կ՚ապրինք միասին եւ անոնք մեր հասարակութեան հարստութեան ամենակարեւոր տարրերէն մին կը հանդիսանան։ «Մենք ժառանգորդներն ենք քաղաքակրթութեան մը, որ զանազանութիւնները հարստութիւն համարած է՝ առանց կրօնի, դաւանանքի, լեզուի կամ ցեղի խտրականութեան», ըսաւ վարչապետը։