ՅՍՏԱԿ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան EADaily-ին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմական դաշինքը անհանգստութեան աղբիւր է Հայաստանի տեսակէտէ, որովհետեւ այդ դաշինքի քաղաքականութիւնը ուղղուած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան դէմ։ Հարցազրոյցի ընթացքին Դաւիթ Տօնոյեան պատասխանեց այն հարցին, թէ արդեօք Թուրքիա սպառնալիք կը համարուի՞ Հայաստանի անվտանգութեան համար։ Ի պատասխան՝ ան ըսաւ հետեւեալը.

«Անկասկած, վերոյիշեալ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը սպառնալիք մըն է մեզի համար, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք այն հանգամանքը, որ  Ատրպէյճան բացէ ի բաց Հայաստանին կը սպառնայ պատերազմով, իսկ Թուրքիա ամէն միջոցով կ՚աջակցի Ատրպէյճանի ռազմական մտադրութիւններու կեանքի կոչման։ Թուրքիա առհասարակ ռազմական համագործակցութեան առումով Ատրպէյճանի գլխաւոր գործընկերն է»։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Դաւիթ Տօնոյեան յիշեցուց, որ 2008 թուականին Հայաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ փորձ մը կատարեց, սակայն Անգարայի կողմէ պատասխան քայլեր այդպէս ալ չառնուեցան։ «Ի վերջոյ գործընթացը կանգ առաւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ յառաջ քշուած նախապայմաններու հետեւանքով։ Թուրքիան կը շարունակէ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը կապել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հետ։ Մենք ալ կը պնդենք, որ լաւագոյն լուծումը կ՚ըլլայ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան հաստատումը, ինչ որ թոյլ պիտի տայ մեր երկիրներուն քայլ առ քայլ երթալու լիարժէք երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ։ Սակայն, հաշուի առնելով նախորդ գործընթացին ձախողումը, այժմ Թուրքիոյ հերթն է հանդէս գալու շինիչ նախաձեռնութեամբ», ըսաւ նախարարը։

Նոյն հարցազրոյցին ընթացքին Դաւիթ Տօնոյեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանին թոյլ պիտի չտրուի պահպանել իրավիճակի սրման տեղը, ժամանակը եւ ծաւալը որոշելու մենաշնորհային իրաւունքը։ Բաց աստի, ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի յարձակման պարագային Հայաստան կրնայ զերծ չմնալ իր զինանոցէն ներս առկայ բոլոր զինատեսակները օգտագործելու «գայթակղութենէն»։ Նախարարը միեւնոյն ժամանակ վստահեցուց, թէ Հայաստանի ռազմաարդիւնաբերութեան զարգացումը մշտական է եւ ծրագրուած։

Դաւիթ Տօնոյեան նոյն հարցազրոյցին մէջ խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան շուրջ։ Ան նշեց, որ ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութիւնը չի հակասեր Հայաստանի ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէ ներս գործընկերային պարտաւորութիւններուն։ Ըստ իրեն, ՆԱԹՕ-ի հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը ունի քաղաքական երկխօսութեան բնոյթ, հետամուտ է պաշտպանութեան ոլորտի բարեփոխումներու, հայկական ուժերու մասնակցութիւնը կը նախատեսէ ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեան ներքեւ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւններուն եւ կրթական ծրագիրներուն։ Տօնոյեանի համոզմամբ, ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութիւնը կարեւոր է հայկական զինեալ ուժերու բազմակողմանի զարգացման եւ միջազգային փորձառութեան տեսակէտէ։ Բաց աստի, ռազմաքաղաքական գործընթացներու առումով ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այդ համագործակցութիւնը, որովհետեւ կ՚իրականացուին Եւրոատլանտեան անվտանգութեան համակարգի շրջանակներէն ներս։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) վերաբերեալ հարցեր։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկային նախատեսուած է ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովը, որու սեմին Փութին հեռախօսազրոյցներ կ՚ունենայ այդ կառոյցի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն հետ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 24, 2018