ԱՂԹԱՄԱՐԷՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Թոփգաբուի պալատէն ներս, Այա Իրինի տաճարի երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կը կոչուի՝ «Աղթամար. Սուրբ Խաչ եկեղեցի»։ Անատոլուի թաքնուած յուշարձաններու յայտնաբերման, ծանօթացման նպատակով կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ թէեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին միջազգային բեմահարթակի վրայ ունի մեծ ճանաչում։ Ան հայկական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն մին է, համամարդկային արժէք մը, որ իր եզակի տեղը ունի համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան մէջ։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է յայտնի լուսանկարիչ Իզզեթ Քեհրիպարի կողմէ նկարահանուած դրուագներով։ Ան յաջողած է իր ոսպնեակով որսալ իսկապէս վառ դրուագներ, որոնք կը ցոլացնեն ոչ միայն Աղթամարի պատմական եկեղեցւոյ ճարտարապետական կոթողային առանձնայատկութիւնները, այլեւ շրջակայ բնութեան հետ պարզած սքանչելի ամբողջը։ Ցուցահանդէսի բացման առթիւ երէկ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան՝ իր կողքին ունենալով Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանն ու Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ մեր զանազան հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ։ Այս ընդունելութեան հրաւիրուած էին նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն հոգեւոր կամ աշխարհական առաջնորդներ, Վանի փոխ-կուսակալը, Վանէն հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հաւաքոյթի ընթացքին, մինչ ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին Իզզեթ Քեհրիպարի լուսանկարներուն համար։
Այս ցուցահանդէսը բացուած է Իսթանպուլի զբօսաշրջիկներու ահաւոր երթեւեկին տեսակէտէ շատ բանուկ կէտի մը վրայ։ Ուստի, սա կ՚ընձեռէ լուրջ հնարաւորութիւն մը, որպէսզի մեծ զանգուած մը Իզզեթ Քեհրիպարի դրուագներուն միջոցաւ հաղորդ դառնայ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գեղեցկութեան, խորհուրդին եւ արժէքին։