«ՏԽՈՒՐ ԾԱՂՐԱԾՈՒՆ»՝ ԼԷՈՆԻՏ ԵՆԳԻԲԱՐԵԱՆ

Վաղը՝ մահուան տարելիցն է հայ կրկէսի նշանաւոր դերասան, ծաղրածու, մնջկատակ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Լէոնիտ Ենգիբարեանի: Ան մահացած է 25 յուլիս 1972 թուականին՝ Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստան։ Լէոնիտին հայրը հայ էր, մայրը՝ ռուս:

Մեծ դերասանը ծնած է 15 մարտ 1935 թուականին, Մոսկուա, իսկ 1959 թուականին կեանքի որոշ շրջան մը փոխադրուած եւ ստեղծագործած է Երեւանի մէջ: Ան ոչ միայն հայկական, այլեւ՝ ժամանակակից կրկէսի նշանաւոր դերասաններէն եղած է, իր ստեղծած կերպարներով հարստացուցած է կրկէսային արուեստը՝ հիմը դնելով ենգիբարեանական մնջախաղին, որ մինչեւ այսօր հայ թատրոնի մէջ գոյատեւող խաղաձեւ մըն է:

Հայ դերասանը թատրոնի պատմութեան մէջ մտած է «տխուր ծաղրածու» անունով: Խինդ եւ ծիծաղ պատճառելով հազարաւոր մարդոց՝ իրականութեան մէջ ան տխուր մարդ մը եղած է: Լէոնիտ Ենգիբարեանի կենսագիրները եւ անոր արուեստի տեսաբանները նկատած են, որ հայկական կրկէսային արուեստի պատմութեան ամենավառ էջը կերտած է ան: Իր կրկէսային դերերու միջոցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեան ստեղծած է մե՛րթ ուրախ, մե՛րթ տխուր, մե՛րթ երկչոտ, մերթ համարձակ կերպարներ՝ կրկէսային զուարճալի խաղերով ցոյց տալով մարդկային բազմապիսի ապրումներ եւ զգացումներ:

Մեծ մնջախաղացի եւ կրկէսային ծաղրածուի հայրը եղած է Մոսկուայի «Մեթրոփոլ» ճաշարանի աւագ խոհարարը։ Ենգիբարեաններու ընտանիքը կը բնակէր մէկ յարկանի փայտաշէն տունի մը մէջ։ Մինչեւ իր կեանքը կրկէսին նուիրելը՝ Ենգիբարեան փորձած է քանի մը այլ մասնագիտութիւններ։ 1952 թուականին, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ընդունուած է ձկնային տնտեսութեան ուսումնարան։ Սակայն այնտեղ ուսանած է միայն վեց ամիս՝ տեղափոխուած է մարմնակրթութեան համալսարան: Այդ ժամանակ ան արհեստավարժ բռնցքամարտիկ էր եւ մինչեւ 1950-ական թուականներու կէսերը լաւ արդիւնքներ ունեցած է այդ ասպարէզէն ներս: 1952-1953 մրցաշրջանին ընթացքին բռնցքամարտի Մոսկուայի առաջնութեան ժամանակ Լէոնիտ Ենգիբարեան տարած է ինն յաղթանակ եւ պարտութիւն կրած է միայն մէկ անգամ։ 1954 թուականին ան արդէն առաջին կարգի բռնցքամարտիկ էր։ Այնուհետեւ կ՚ընդունուի Կրկէսային արուեստի Պետական ուսումնարան, ուր կ՚ուսանի, որմէ ետք Երեւան կը փոխադրուի եւ մաս կը կազմէ հայկական կրկէսախումբին:

1963 թուականին դերասանը խաղացած է Հենրիկ Մալեանի եւ Լեւոն Իսահակեանի «Ճանապարհ դէպի կրկէս» ժապաւէնին մէջ՝ մարմնաւորելով ինքն իր կերպարը:

1964 թուականին Փրակի մէջ տեղի ունեցած Ծաղրածուներու միջազգային մրցոյթին Լէոնիտ Ենգիբարեան արժանացած է առաջին մրցանակին: Անոր ստեղծագործական կեանքին մէջ ամենայաջողը 1960-ական թուականներն էին, երբ ան հիւրախաղեր ունեցած է Խորհրդային Միութեան մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Բացի կրկէսէն, Լէոնիտ Ենգիբարեան հանդէս եկած է մնջախաղով: Շարժանկարային արուեստի մէջ ան նկարահանուած է աշխարհահռչակ վարպետներու մօտ. օրինակ՝ Սերկէյ Փարաջանով։ Նկարահանուած է նաեւ ծաղրածուի ստեղծագործութեան մասին պատմող երկու շարժանկարի մէջ: 1971 թուականին Լէոնիտ Ենգիբարեան կը հեռանայ Խորհրդային Միութեան կրկէսէն։ Այս մէկը ըրած է այն պատահարէն ետք, երբ իր գործընկերոջ արգիլած են իր հետ մեկնիլ արտասահմանեան հիւրախաղերու։

Լաւագոյն ներկայացումներէն են «Աստղային անձրեւ», «Ծաղրածուի տարօրինակութիւնները»։ Ան ստեղծած է ողբերգական եւ կատակերգական տեսարաններ, բազմազան կերպարներ ու իրավիճակներ, կիրառած է բարդ հնարքներ, զորս ցուցադրած է նաեւ կրկէսին մէջ։ Խոհափիլիսոփայական երանգ ունին Ենգիբարեանի «Փողոցային աքրոպաթ», «Քայլեր», «Ողջ ու մեռածը», «Բռնցքամարտ», «Սիրտը ափի մէջ», «Հովանոց», «Ջութակ», «Լոյս եւ ստուեր» ու այլ մանրապատումները։

Լէոնիտ Ենգիբարեան մահացած է 1972 թուականին՝ Մոսկուայի իր բնակարանին մէջ: Շատ կարճ կեանք ունեցած է աշխարհաճանաչ ծաղրածուն, որ հրաժեշտ տուած է կեանքին, երբ նոր բոլորած էր 37 տարեկանը։ Սակայն, ան արդէն արժանացած էր իր արուեստի բոլոր դափնիներուն: Հանդիսատեսը շատ կը սիրէր բարի ու թախծոտ աչքերով ծաղրածուն եւ միշտ բարութիւն եւ ժպիտ կը սպասէր իրմէ:

Անոր մահուընէ ետք Երեւանի մէջ ստեղծուած է Ենգիբարեանի անուան մանկական կրկէս-սթիւտիոն, իսկ Երեւանի Կրկէսի շէնքին առջեւ տեղադրուած է անոր յուշարձանը:

Լէոնիտ Ենգիբարեանի մէկ այլ արձանն ալ տեղադրուած է Ծաղկաձոր քաղաքի Ծաղկունեաց հրապարակին վրայ: Այս արձանը կը բնորոշէ անոր մէկ մանրապատումը, որ դերասանը շատ գեղեցկօրէն գրած է հովանոցի մասին:

Երեւանեան անոր արձանը անկախութենէն ետք տեղադրուած նորագոյն արձաններու կարգին կը պատկանի։ Անոր հեղինակը արձանագործ Լեւոն Թոքմաճեանն է, որ մեծ դերասանը քանդակած է ըստ իր յիշողութիւններուն, զորս ունէր Լէոնիտ Ենգիբարեանէն:

Տասնամեակներ առաջ Լեւոն Թոքմաճեան մեկնած է Սպիտակ Ռուսիա, ուր ներկայ եղած է Լէոնիտ Ենգիբարեանի ելոյթին: Երբ ելոյթէն յետոյ հանդերձարան գացած եւ տեսած է Ենգիբարեանը՝ քրտինքներու մէջ՝ ձեռքին ծաղիկ մը, մէկ անկիւնը կեցած, տպաւորուած է եւ այդպէս ալ յետագային կերտած է դերասանի քանդակը՝ ծաղիկ ի ձեռին:

Երկու տարին անգամ մը Ծաղկաձորի մէջ կը կազմակերպուի Մնջախաղի միջազգային փառատօն՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի Մնջախաղի պետական թատրոնի, Ազգային թատերական ստեղծագործական միաւորման եւ Ծաղկաձորի քաղաքապետարանին կողմէ։ 2010 թուականին Մնջախաղի թատրոննե-րու միջազգային փառատօնը Ծաղկաձորի մէջ կոչուեցաւ յայտնի ծաղրածու-մնջախաղաց Լէոնիտ Ենգիբարեանի անունով։ Իսկ արդէն 2012 թուականին, երբ Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ հերթական Մնջախաղի միջազգային փառատօնը, կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրուեցաւ աշխարհահռչակ Լէոնիտ Ենգիբարեանի պրոնզեայ արձանը։ 2008, 2010 եւ 2012 թուականներուն իրականացուած փառատօներու շրջանակներէն ներս մասնակցեցան թատերախումբեր եւ անհատ կատարողներ Սպանիայէն, Իտալիայէն, Յունաստանէն, Ռուսաստանէն, Լաթվիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Չեխիայէն, Լեհանստանէն, Դանիայէն, Ճաբոնէն, Ղազախիստանէն, ինչպէս նաեւ հայկական թատերական, կրկէսային խումբեր, նուագախումբեր, երիտասարդական խումբեր, տեղի ունեցաւ նաեւ հրավառութիւն։

«… Մարդը իր բնոյթով բարի ու մեծահոգի է եւ անոր հետ միշտ հարկաւոր է վարուիլ մեծահոգաբար, հարկաւոր է հաւատալ անոր. մարդու սիրտին մէջ եղած բարիին, ժպտալու ընդունակութեան, զգալու, բարին գնահատելու ընդունակութեան, ուրիշին կարեկից ըլլալու ընդունակութեան», գրած է Լէոնիտ Ենգիբարեան։

Լէոնիտ Ենգիբարեան, բացի տաղանդաւոր ծաղրածու ըլլալէ, նաեւ գրող է, գրած է մանրապատումներ, որոնք լոյս տեսած են գիրքի մը մէջ: Այն, ինչ որ չէ կրցած արտայայտել դերերու միջոցաւ, յանձնած է թուղթին իբրեւ հոգիի մտորումներ:

Քաղաքներէն Ենգիբարեան կը սիրէր Երեւանը, Մոսկուան, Փրակը, տարուան եղանակներէն՝ աշունը, զոր «բոլոր ժամանակներու ծաղրածու» կը կոչէր:

Հակառակ իր ձեռք բերած մեծ փառքին, «արցունքներու մէջէն ժպտացող» Ենգիբարեան բնաւ հարուստ չեղաւ, բայց հոգիով հարուստ, նրբամիտ եւ ողջ կեանքի ընթացքին մանուկ մնացած, մաքուր սրտով երիտասարդը՝ հեքիաթի հերոսի մը պէս, հանդիպած աղջիկներուն ծաղիկներ նուիրել կը սիրէր, չնայած՝ «Մեծ քաղաքին մէջ ծաղիկներ նուիրելը շատ դժուար գործ է», կ՚ըսէր: 

Տարիներ շարունակ իր հանդիսատեսը լռութեամբ զուարճացնող եւ յուզող, այդ թախծոտ ծաղրածուն իր արուեստի պէս ալ լուռ եւ հանգիստ, իր ննջասենեակին մէջ, միայնութեան մէջ հրաժեշտ տուաւ կեանքին: 1972 թուականի յուլիս 25-ի առտուն, մայրը կը մտնէ սենեակ զայն արթնցնելու..., լռութիւնը կ՚ըլլայ միակ պատասխանը: «Հեռանալու ժամանակ մի՛ մարեր դիմացինիդ հոգւոյն լոյսը», կ՚ըսէր Լէոնիտ Ենգիբարեան: Ինք հեռանալով, հաւատարիմ մնաց իր խօսքերուն՝ իր ձգած ժառանգութեամբ լոյս պարգեւելով հանդիսատեսի հոգւոյն:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020