ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ նախարարներու հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած բախումներու խնդիրը։ Անոնք անդրադարձան այս մագլցումին վերաբերեալ հարցերուն։ Մոսկուայի աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուսական կողմը անհրաժեշտ համարած է գործադրել հաւասարակշռուած մօտեցումներ եւ զսպող ազդեցութիւն ունենալ հակամարտ կողմերու վրայ՝ իրավիճակի յետագայ սրումը կանխելու, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անվտանգութիւնը ապահովելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը աշխուժացնելու համար։ Նախարարները պայմանաւորուեցան զարգացնել համագործակցութիւնը Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ՝ տարածքաշրջանի կայունացման շահերու հիման վրայ։

Բաց աստի, Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի հայ եւ ատրպէյճանական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ռուսաստանի Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան ներկայ գտնուեցաւ այս հանդիպման, որու ընթացքին քննարկուեցաւ հայ եւ ատրպէյճանական համայնքներու դերը՝ Ռուսաստանի տարածքէն ներս ազգամիջեան խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան պահպանման ուղղութեամբ՝ երկրի օրէնսդրութեան համապատասխան։ Ընդգծուեցաւ համատեղ բացատրական ու կրթական աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ ազգային պատկանելիութեան հիմքով Ռուսաստանի քաղաքացիներու իրաւունքներու ոտնահարման դէպքերը կանխելու եւ ջնջելու համար։ Կարեւորուեցաւ ատրպէյճանական եւ հայ համայնքներու շինիչ ներդրման անհրաժեշտութիւնը՝ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման խթանման տեսակէտէ պայմաններու ստեղծման առումով։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտնեց, որ Մոսկուա հրադադարի ամրապնդման նախաձեռնութիւններ կը քննարկէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան նշեց, որ այդ նախաձեռնութիւնները կ՚ենթադրեն նաեւ բանակցային գործընթացը աշխուժացնել՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի ամրապնդման առընթեր։

«Հարցը կը քննարկենք կողմերուն հետ։ Կը յուսանք, թէ միջազգային ուղեւորութիւններու սահմանափակումներու դադրեցումէն վերջ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի մշակել հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու ամբողջ շրջանակը։ Ռուսաստան առաւելագոյն զսպուածութեան կոչ կ՚ընէ կողմերուն։ Երեք պետութիւնները կը համագործակցին դիւանագիտական ուղիներով եւ ռազմական մարմիններու միջոցաւ՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար։ Հրադադարի խախտումները սկսած են նուազիլ, սակայն լարուածութիւնը կը շարունակուի պահպանուիլ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ», ըսաւ Մարիա Զախարովա։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը յիշեցուց, որ Սերկէյ Լաւրով արտակարգ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ։ Ան այս շաբաթ Մոսկուայի մէջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէճանի դեսպաններուն հետ։ Համագործակցութիւն կ՚իրականացուի նաեւ ռազմական ոլորտի պատասխանատուներու միջոցաւ։

ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Միւս կողմէ, յուլիսի 14-ի բախումներուն ժամանակ ծանրօրէն վիրաւորուած Հայաստանի բանակէն Արթուր Մուրատեան (2001թ.) արդէն մահացած է Հայաստանի Պաշպանութեան նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ։ Օրերէ ի վեր բժիշկները մեծ ջանքեր կը գործադրէին անոր կեանքը փրկելու համար, սակայն դժբախտաբար կարելի չէ եղած զինքը դարմանել եւ ան համալրած է սահմանի վերջին բախումներու նահատակներու շարքը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020