ՄԱՀԱՑԱԾ Է ԵՐԳԻՉ ՊՈԿԱ

Կեանքէն հեռացած է երգիչ Պորիս Դաւիթեան՝ Պոկա։ Մահացած է խորհրդահայ երգիչ, հեղինակ-կատարող Պորիս Դաւիթեան, որ երաժշտասէրներու լայն շրջանակին ծանօթ է Պոկա կեղծանունով:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ երգիչի մահուան մասին «Ինսթակրամ»ի իր պաշտօնական էջին մէջ յայտնած է երգիչ Արա Մարտիրոսեան:

Պորիս Դաւիթեան առաջին ալպոմը ձայնագրած է 1972 թուականին։ Ան իր երաժիշտ ընկերներու հետ յաճախ ելոյթ ունեցած է զանազան միջոցառումներու ընթացքին։ 1973-1974 թուականներուն Պոկա երգերը ձայնագրած է Թիֆլիզի «Մելոտիա» ձայնագրման աշխատանոցին մէջ։ Ապրած եւ ստեղծագործած է նաեւ Մոսկուայի մէջ։

1996 թուականի սկիզբին Պոկա իր ընտանիքին հետ ապրած է Երեւանի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած է Մոսկուա, յետոյ ալ՝ Միացեալ Նահանգներ։

Պորիս Դաւիթեան երկար տարիներ ելոյթ ունեցած է երաժիշտներ Ալեքսանտր Պաղտասարովի (քլարինէթ), Համլէթ Գալուստեանի, Սուրէն Քերանեանի (ստեղնաշարերային գործիքներ), Իկոր Սաֆարովի, Կէորկի Ակապոփովի հետ։

Երգիչը համերգներով հանդէս է եկած է Ռուսաստանի, Աւստրիայի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020