ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐԸ ԿԸ ԿՈՒՏԱԿՈՒԻՆ ԸՍՏ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ վերջին երեք օրերու ընթացքին նոր դէպքերը առաւել չափով աճած են Անգարայի, Քոնիայի, Շանլըուրֆայի, Պաթմանի, Ատանայի, Կեսարիոյ եւ Էրզրումի մէջ։ Յունիսի 1-էն ի վեր 1043 հիւանդ մահացած է համաճարակի հետեւանքով։ Անոնց շարքին 136-ը 65 տարեկանէ վար է։

Երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, երէկ 43 հազար 343 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ Թուրքիոյ մէջ ստուգուեցաւ 913 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացած հիւանդներու թիւը եղաւ 1151։ Ներկայիս 1251 վարակեալ կը գտնուի խտացեալ խնամքի տակ, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ է 378 հոգի։ Համաճարակի սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ բուժուածներու թիւը արդէն անցած է 200 հազարի շեմը։ Այսպէս, ցարդ 206 հազար 365 հիւանդ բուժուած է Թուրքիոյ մէջ։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ առողջացած հիւանդներու եւ հաստատուած դէպքերու թիւերուն տարբերութիւնը կը կազմէ 238։

Միւս կողմէ, համաճարակի մթնոլորտին մէջ հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ կը մնան մօտալուտ վերամուտի վերաբերեալ մտահոգութիւնները։ Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք երէկ խորհրդարանէն ներս հանդէս եկաւ համապատասխան բացատրութիւններով։ Այսպէս, ներկայիս նախարարութիւնը բոլոր վարկածները հաշուի առած է։ Ամենահաւանականն է, որ այս վերամուտէն սկսեալ նօսրացած դասարաններով յառաջ տարուի կրթադաստիարակչական աշխատանքը։ Կը նախատեսուի, որ տղաքը երեք օր դպրոց երթան, իսկ երեք օր մնան տունը՝ հեռավար կրթութեան համար։ Այս նոր պայմաններով շաբաթ օրերն ալ դասաւանդութիւն կը ծրագրուի։ Յամենայնդէպս, 2020-2021 կրթական շրջանի երկրորդ եռամսեային կրնան որոշ փոփոխութիւններ ըլլալ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020