ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԳՐՈՂ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՏԻՒՄԱՆ

Այսօր՝ 24 յուլիսին, լոյս աշխարհ եկած է ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրող Ալեքսանտր Տիւմա։ Ան 24 յուլիս 1802 թուականին ծնած է Ֆրանսայի մէջ։ Ֆրանսացի գրող, նաեւ թատերագիր եւ լրագրող, որուն արկածներով լի վէպերը զինք դարձուցին աշխարհի ամենաշատ կարդացուող ֆրանսացի հեղինակներէն մէկը։ Անոր ամենայայտնի գիրքերէն են «Կոմս Մոնթէ-Քրիսթօ» եւ «Երեք հրացանակիրները» վէպերը։ Գրած է մօտաւորապէս 300 ստեղծագործութիւն։ Քանի որ անոր տղան եւս կը կրէր Ալեքսանտր անունը եւ գրող էր, չշփոթելու համար անուան մօտ յաճախ կ՚աւելցուի «հայր» բառը։

Տիւմա կը համարուէր խառնարիւն, քանի որ հայրական մեծ մայրը սեւամորթ ստրկուհի էր։ Պատերազմի հերոս հայրը կը մահանայ, երբ Ալեքսանտր տակաւին 4 տարեկան էր։

Ալեքսանտր Տիւմա կը փափաքէր դառնալ փաստաբան, սակայն ան Ֆրանսայի թագաւոր Օրլէանսի դուքս Լուի-Ֆիլիփի մօտ աշխատանքի սկսաւ։

Մանկութիւնը, պատանեկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը անցած են հարազատ քաղաքին մէջ։ Տիւմա կ՚որոշէ անպայման դառնալ թատերագիր։ Առանց դրամի եւ կապերու, յոյսը դնելով միայն հօր հին ընկերներու վրայ, ան կ՚որոշէ տեղափոխուիլ Փարիզ: 20-ամեայ Ալեքսանտր, որ չքաւորութեան պատճառաւ չունէր կրթութիւն, սկսաւ լրացնել իր կրթութեան պակասը։ Անոր ընկերներէն մէկը կազմեց ցանկը հեղինակներու, որոնց գիրքերը պէտք է կարդար Ալեքսանտր։ Ցուցակի մէջ կային դասական, յուշագրական, տարեգրային աշխատութիւններ։

Ալեքսանտր Տիւմա, որ հոգ կը տանէր մօրը, ինչպէս նաեւ ապօրինի տղուն՝ Ալեքսանտրին, գրեց «Հենրի երրորդն ու իր արքունիքը» հատորը, որ ստեղծուեցաւ երկու ամսուայ ընթացքին։

Ֆրանսայի հասցուցած ամենակարեւոր գրողներէն մին Ալեքսանտր Տիւմա, Ռուսաստանի մէջ ապրած տարիներուն այդ երկրին մասին գրած է ճանապարհորդութեան գիրք մը։ Իսկ Իտալիոյ մէջ ապրած տարիներուն հրատարակած է «Ինտեփենտընթ» թերթը։

Ալեքսանտր Տիւմայի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու եւ բազմաթիւ թատերական ներկայացումներու եւ շարժանկարներու համար նիւթ հանդիսացած են։

Ալեքսանտր Տիւմա (հայր) մահացած է 5 դեկտեմբեր 1870 թուականին Տիէփի մէջ, Ֆրանսա։ Ան կեանքին աչքերը փակած է չքաւորութեան մէջ, որովհետեւ ապրած է զեխ կեանք մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020