ABBA-ԷՆ ՀԻՆԳ ՆՈՐ ԵՐԳ
ABBA-ն կը պատրաստուի հինգ նոր երգ թողարկել 2021 թուականին։ Այսպէս, շուէտական ABBA երաժշտախումբը կը ծրագրէ յաջորդ տարի հինգ նոր երգ թողարկել:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, երաժշտախումբի հիմնադիրներէն Պիոռն Ուլվէուս այս մասին հարցազրոյց մը տուած է «Թհը Ինտեփենտընթ» թերթին։ Անոր խօսքով՝ յօրինումները արդէն ձայնագրուած են եւ պէտք է թողարկուէին 2019 թուականին, սակայն ան յետաձգուած է թեքնիկ բարդութիւններու եւ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով։
Բաց աստի, ABBA-ի վերջին ալպոմը թողարկած է 1982 թուականին, իսկ չհրատարակուած երգերը յետագային թողարկուած են 1993 եւ 1994 թուականներուն:
Ինչպէս ծանօթ է, աշխարհահռչակ ABBA քառեակը ստեղծուած է 1972 թուականին Պիոռն Ուլվէուսի, Պեննի Անտերսոնի, Ակնեթա Ֆելտսքոկի եւ Աննի Ֆրիտ Լինկսթատի կողմէ:
Իր գոյութեան տասն տարուայ ընթացքին խումբը թողարկած է ութ ալպոմ, միասնական երգերու բազմաթիւ ժողովածոներ կը թողարկեն նաեւ մինչ օրս: «Մամմա Միա» (Mamma Mia!, 2008) երաժշտախաղը, որու հիմքին կան ABBA-ի երգերը, դիտած է աւելի քան 60 միլիոն մարդ աշխարհի հարիւրաւոր թատրոններու մէջ։