«ԵՒ ՊՈԼԻՍ ԵԿԱՒ ԼԻԼԻԹԸ…»

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանէն երիտասարդ արուեստագիտուհի Լիլիթ Մովսիսեանը, որ հեղինակն է «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» փաստավաւերագրական ժապաւէնին։ Պոլիսէն հասած աշխարհահռչակ երաժիշտ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ արտադրուած գործ մըն է յիշեալ ժապաւէնը, որ յոբելեանի արժեւորման ճանապարհին մեծ նշանակութիւն ունեցած է։ Լիլիթ Մովսիսեան, որ տակաւին նոյնիսկ համալսարանական ուսումը չէ աւարտած, արդէն համարձակ ու վաղ նախաձեռնութիւնով մը ապացուցանած է իր տաղանդն ու ստեղծագործական կարողութիւնը։ Իր խօսքով՝ ան շատ պատահականօրէն որոշած է Յովհաննէս Չեքիճեանի վրայ աշխատիլ եւ այդ մտայղացումով խորացած է անոր աւանդին մէջ։ Լիլիթ Մովսիսեան մեծապէս կը կարեւորէ, որ երիտասարդները ճանչնան Յովհաննէս Չեքիճեանը՝ մանաւանդ, որ ան հայ իրականութեամբ չի սահմանափակուիր եւ համամարդկային մեծութիւն մըն է։

Պոլսահայութիւնը այս օրերուն կ՚ողջունէ Լիլիթ Մովսիսեանը, որ քաղաքս եկած է իր հօր՝ Հայկ Մովսիսեանի ընկերակցութեամբ։ Լիլիթ Մովսիսեանի այցելութիւնը կազմակերպած է մեր համայնքի մշակութային կեանքի եռանդուն դէմքերէն Սեւան Աթաօղլու, որ «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնի առաջին ներկայացման հաղորդումներն ու անոնց յաջորդած՝ Լիլիթ Մովսիսեանի հետ Անուշ Թրունցի հարցազրոյցը կարդացած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ։ Ուրեմն, այս առաւօտ հաճելի զրոյց մը ունեցանք Լիլիթ Մովսիսեանի, Սեւան Աթաօղլուի եւ Հայկ Մովսիսեանի հետ։ Լիլիթ Մովսիսեան ուրախութիւն յայտնեց, որ իր արտադրած գործը կը ներկայացուի գլխաւոր հերոսի ծննդավայրին մէջ։ Սեւան Աթաօղլու դիտել տուաւ, որ Լիլիթ Մովսիսեանի ներկայութեամբ Գնալը կղզիի մէջ պիտի ցուցադրուի «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ եւ խումբ մը անհատ մշակութասէր բարերարներու խրախոյսով։ Բացի ժապաւէնի ներկայացումէն, մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանին ձօնուած ձեռնարկը պիտի ունենայ երաժշտական բաժին մը, որու մէջ նախատեսուած են Լիւսի Գահվէճիօղլուի եւ Յովսէփ Գույումճեանի մեներգները՝ նուագակցութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Յայտագրի տեւողութեան Յովհաննէս Չեքիճեանի մասին վկայութիւններ պիտի փոխանցեն մեր համայնքէն կարգ մը դէմքեր, որոնք մաէսթրոյին հետ ունեցած են ծանօթութիւն եւ ծաւալած են համագործակցութիւն. օրինակ՝ Ալիս Մանուկեան, Տիանա Գամբարոսեան, Տիգրան Ալթուն եւ այլն։

Այս բոլորի լոյսին տակ պէտք է արձանագրել, որ մաէսթրօ Չեքիճեանին ձօնուած գործին՝ արտադրութենէն այսքան քիչ ժամանակ անց քաղաքիս մէջ ցուցադրուիլը գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ շատ ողջունելի իրադարձութիւն մըն է։ Այլ խօսքով, «եւ Լիլիթը Պոլիս եկած է…»։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2024