ԱՂԲԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԿՐՆԱՅ ՏՈՒՆ ՂՐԿԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԹԱՄՄԱՍ ՍԱԼԱՄԸ

Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն Լի­բա­նան այ­ցե­լող­նե­րը նկա­տած են, որ երկ­րին մէջ խնդրի վե­րա­ծուած աղ­բա­հա­նու­թեան հար­ցը կրնայ քա­ղա­քա­կան տագ­նա­պի վե­րա­ծուիլ: Մինչ 22 Օգոստոս Շա­բաթ ե­րե­կոյ քա­ղա­քա­ցիա­կան աք­թի­ւիսթ­ներ բո­ղո­քի մեծ հա­ւաք մը կա­տա­րե­ցին Պէյ­րու­թի սրտին վրայ գտնուող վարչապետարանին՝ «Մեծ Սա­րայլ»ին մօտ, ան­դին այ­սօր՝ Եր­կու­շաբ­թի, մայ­րա­քա­ղա­քի բո­լոր փո­ղոց­նե­րուն մէջ ե­րե­ւե­լի պի­տի դառ­նան «աղ­բաբլ­րակ»նե­րը: Մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի մէջ աղ­բի հիմ­նա­հար­ցը օ­րա­կարգի նիւթ դար­ձաւ, երբ յատ­կա­պէս փա­կուե­ցաւ «Ալ Նահ­մէ» շրջա­նին մէջ ե­ղող աղ­բա­նո­ցը: Շրջա­նի քա­ղա­քա­ցի­ները, ո­րոնք ա­մի­սեր տեւած ի­րենց բո­ղո­քի գի­րե­րէն եւ յայ­տա­րա­րութւնն­նե­րէն ետք փո­ղոց ի­ջան եւ յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ յետ այ­սու ինչ որ ալ ըլ­լան պայ­ման­նե­րը, ի­րենք ար­գելք պի­տի հան­դի­սա­նան մայ­րա­քա­ղա­քի տար­բեր հա­տուած­նե­րէ մեծ ծա­ւալ­նե­րով աղ­բի կու­տակ­ման: Նշեմ, որ Լիբա­նա­նի աղ­բա­հա­նու­թեան հիմ­նա­կան «Սուք­լին» ըն­կե­րու­թեան պայ­մա­նագ­րին ա­ւար­տը եւս տագ­նա­պը ա­ւե­լիով սրեց: Վեր­ջին շուրջ քսան տա­րի­նե­րուն վե­րոն­շեալ ըն­կե­րու­թիւ­նը ան­խա­փան կեր­պով կ­՚ի­րա­կա­նաց­նէր Պէյ­րու­թի եւ շրջա­կա­յից ա­րուար­ձան­նե­րու աղ­բա­հա­նու­թիւ­նը: Այս ըն­կե­րու­թեան հո­վա­նիին տակ կը գոր­ծէին նաեւ հա­ւա­քուած աղ­բը վե­րամ­շա­կե­լու գոր­ծա­րան­ներ, սա­կայն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Պէյ­րու­թի բնակ­չու­թեան ա­ճին հետ կու­տա­կուած աղ­բը կը շատ­նար եւ խնդի­րը կը վե­րածուէր տագ­նա­պի: Աղ­բի վե­րամ­շա­կու­մը բա­ւա­րար կեր­պով չէր կա­տա­րուեր եւ այդ պատ­ճա­ռով Սայ­տա­յի եւ Պուրճ Հա­մու­տի (ո­րոնք յե­տա­գա­յին եր­կուքն ալ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ա­լիք­նե­րուն առ­ջեւ տե­ղի տա­լով փա­կուե­ցան), կը դառ­նա­յին ար­դէն ա­նօգ­տա­գոր­ծե­լի աղ­բա­թափ­ման կեդ­րոն­ներ: Այս­պէ­սով կը մնար միայն «Նահ­մէ» շրջա­նի աղ­բա­թափ­ման կեդ­րո­նը եւ ա­նոր փա­կու­մով երկ­րին մէջ ծայր կ՚առ­նէր աղ­բի հա­մընդ­հա­նուր խնդիր մը, որ մին­չեւ այս յօ­դուա­ծին գրուի­լը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ըն­կե­րա­յին ծան­րա­գոյն տագ­նապ:

ԱՂ­ԲԻ ՀԱՐ­ՑԸ ՓՈ­ՂՈՑ Ի­ՋԵ­ՑՈՒՑ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՑԻԱ­ԿԱՆ ՇԱՐ­ԺՈՒՄ­ՆԵ­ՐԸ

Այս ընդ­հա­նուր ֆո­նին վրայ երկ­րին մէջ գլուխ կը ցցէին քա­ղա­քա­ցիա­կան մէ­կէ ա­ւե­լի շար­ժում­ներ, ո­րոնց ան­դամ­նե­րը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով նա­խօ­րօք բո­ղո­քի տաս­նեակ հա­ւաք­ներ կա­տա­րած էին: Այդ բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րը կապ ու­նէին երկ­րին մէջ յա­րա­նուա­նա­կան քա­ղա­քա­կան ըն­թա­ցա­կար­գի ջնջու­մի պա­հան­ջին, խորհրդ­րա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, ու­սու­ցիչ­նե­րու ամ­սա­կան­նե­րու յա­ւել­ման եւ նոր նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան պա­հանջ­նե­րուն հետ: Բայց քա­նի, որ աղ­բի խնդի­րը կը յու­զէր երկ­րի բո­լոր խա­ւե­րը, այդ աք­թի­ւիսթ­նե­րու թի­ւը կը բազմանար եւ ա­նոնք կը յա­ջո­ղէին ա­ւե­լի մեծ թի­ւով հա­մա­կիր­ներ հա­ւա­քել: Երկ­րին մէջ խմո­րուող այս շար­ժում­նե­րը մին­չեւ այս պա­հը ե­րե­ւե­լի ար­դիւնք­ներ չեն գրան­ցած, սա­կայն ա­նոնց աշ­խու­ժա­ցու­մը կրնայ երկ­րին մէջ նոր հանգ­րուա­նի մը դու­ռը բա­նալ: Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին վրայ քա­ղա­քա­կան գլխա­ւոր ու­ժե­րը եւս կը փոր­ձեն ի­րենց հա­մար կա­րե­ւոր միա­ւոր­ներ քա­ղել: Ե­րե­ւե­լի ճի­գեր կան տա­րի­նե­րու վրայ կու­տա­կուած սխալ­նե­րը եւ աղ­բի ամ­բողջ տագ­նա­պը բեռց­նել սիւն­նի մե­ծա­գոյն հա­տուա­ծը ներ­կա­յացնող ու­ժին՝ «Ալ Մուս­թաք­պալ» հո­սան­քի ու­սե­րուն, ո­րոնց ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն վստա­հե­լի գոր­ծա­կիցն է Մայ­սա­րա Սըք­քար ա­նու­նով յայտ­նի գոր­ծա­րա­րը, որ «Սուք­լին» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէնն է: Քննա­դա­տու­թիւն­նե­րէն զերծ չեն նաեւ միւս բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ը, «Ա­մալ»ը եւ «Յա­ռաջ­դի­մա­կան» կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք այս կամ այն ձե­ւով լուռ վկա­յի դե­րով հան­դէս գա­լով թոյլ տուած են, որ «Սուք­լին» դառ­նայ Լի­բա­նա­նի աղ­բա­հան «թա­գա­ւոր» ըն­կե­րու­թիւ­նը:

Նկա­տա­ռե­լի է նաեւ, որ քրիս­տո­նէա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք նա­խա­պայ­ման կամ օ­րա­կարգ թե­լադ­րե­լու ուժ չու­նին այս ի­րա­վի­ճա­կին դի­մաց, ան­զօր են եւ կը գո­հա­նան սոսկ դա­տա­պար­տու­մի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով:

Քա­ղա­քա­ցիա­կան աք­թի­ւիսթ­նե­րը այս ի­րա­վի­ճա­կէն օգ­տուե­լով է նաեւ, որ կը փոր­ձեն բո­լոր օ­րա­կա­րա­գե­րը միա­խառ­նել եւ այս կա­ռա­վա­րու­թեան եւ իր պա­շա­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը եր­կա­րաձ­գած խորհր­դա­րա­նին տուն եր­թա­լը պա­հան­ջել:

ՊՈՒՐՃ ՀԱ­ՄՈՒ­ՏԻ ԱՂ­ԲԱ­ՆՈ­ՑԻ ԽՆԴԻ­ՐԸ

Պէյ­րու­թի սրտին վրայ ե­ղող հայ­կա­կան ա­ւա­նը՝ Պուրճ Հա­մու­տը ան­մասն չէ մնա­ցած աղ­բի խնդրէն: Պուրճ Հա­մու­տի ծո­վե­զեր­քին մօտ ե­ղող աղ­բա­թափ­ման կեդ­րո­նը շուրջ քսան տա­րի պա­տու­հաս հան­դի­սա­ցած է շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար: 1997 թուականին շրջա­նի հայ­կա­կան մար­մին­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ՀՅԴ-ի բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րով այդ կա­յա­նը կը փա­կուէր: Աղ­բա­թափ­ման կա­յա­նը ներ­կա­յիս կը գրա­ւէ Պուրճ Հա­մու­տի ծո­վե­զե­րեայ շրջա­նի 700 մեթր եր­կա­րու­թիւնը եւ ա­նոր լայն­քը կը հաս­նի 500 մեթ­րի: Աղ­բա­թափ­ման այս կեդ­րո­նը փա­կուած է ա­ւա­զով եւ վե­րա­ծուած է 50 մեթր բարձ­րու­թիւն ու­նե­ցող բլրա­կի մը: Ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ այդ աղ­բա­նո­ցին գար­շա­հո­տը կը լե­ցնէ ամ­բողջ շրջա­նը եւ կը ստեղ­ծէ տհաճ ու ծանր մթնո­լորտ մը: Երբ աղ­բի տագ­նա­պը ե­րե­ւե­լի դար­ձաւ, քիչ չե­ղան այն բան­բեր­նե­րը, ո­րոնք խօ­սե­ցան Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­նո­ցի վե­րաբաց­ման մա­սին: Ու այս ա­ռի­թով էր նաեւ, որ Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի Դաշ­նակ­ցա­կան ան­դամ՝ Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նի տե­ղա­կան տար­բեր թեր­թե­րու խօ­սե­լով ը­սաւ, թէ շրջա­նի բնակ­չու­թեան հա­մար այդ աղ­բա­նո­ցին վե­րա­բա­ցու­մը ա­նըն­դու­նե­լի ու կար­միր գիծ կը հա­մարուի: Ա­սոր կող­քին շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը ծրա­գիր պատ­րաս­տեց, ո­րուն նպա­տակն էր վերջ­նա­կա­նա­պէս լու­ծել աղ­բա­թափ­ման կա­յա­նին հար­ցը, որ սա­կայն մին­չեւ այս պա­հը կը սպա­սէ կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տաս­խա­նին: Նոյն ծի­րին մէջ հայ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ այ­ցե­լե­ցին Սայ­տա­յի շրջա­նի նախ­կին աղ­բա­նոց ե­ղած վայ­րը, որ ներ­կա­յիս դար­ձած է ցան­քի բո­լոր ար­դիա­կան պայ­ման­նե­րը լրաց­նող հո­ղա­շերտ մը եւ կը գոր­ծէ ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քոյ:

ԿԱ­ՌԱ­ՎԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՎՏԱՆ­ԳՈՒԱ՞Ծ

Աղ­բի խնդի­րը այ­սօր Լի­բա­նա­նի հա­մար դար­ձած է լա­րուած ու­ժա­նակ մը: Այս ու­ժա­նա­կը ո­րե­ւէ պա­հու կրնայ պայ­թիլ եւ պատ­ճառ դառ­նալ քա­ղա­քա­ցիա­կան սուր տագ­նա­պի մը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով երկ­րի սիւն­նի մե­ծա­մաս­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լամ կրնայ ստի­պուիլ հրա­ժա­րա­կան տալ, ա­ռանց ա­նոր ալ քա­ղա­քա­կան լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կի մէջ ե­ղող եր­կի­րը տա­նե­լով ծայ­րը չե­րեւ­ցող նոր սրա­ցում­նե­րու: «Հիզ­պուլ­լահ», որ երկ­րի քա­ղա­քա­կան կեան­քին կա­րե­ւո­րա­գոյն երկ­րորդ օ­ղակն է, ցարդ նստած կը դի­տէ ե­ղելութիւնը: Ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ այս խնդրին հա­մար լու­ծում մը բե­րե­լու ուժ ու­նե­ցող միակ հա­ւաս­տի կող­մը ա­ռայժմ սիւն­նի «Ալ Մուս­թաք­պալ» հո­սանքն է, ո­րուն ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հի­ման վրայ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ լու­ծում­նե­րու նոր հանգ­րուան մը թե­ւա­կո­խել: Քա­ղա­քա­կան կող­մե­րը սա­կայն, կը մոռ­նան կա­րե­ւոր մէկ բան: Ա­նոնք կը մոռ­նան, որ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին պոռթ­կու­մի ա­լի­քը կրնայ անդ­րանց­նիլ բո­լոր ար­գելք­նե­րը: Ա­նոնք նոյն­պէս կ­՚ան­տե­սեն երկ­րի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ո­ւաէլ Ա­պու Ֆա­հու­րի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը այն մա­սին, թէ ե­թէ աղ­բի խնդի­րը միա­նա­գա­մընդ­միշտ չլու­ծուի, ա­պա կրնայ թու­նա­ւո­րել եր­կի­րը, երկ­րի սնուն­դը, օ­դը եւ ջու­րը:

Բա­ցո­րոշ է , որ երկ­րին ապ­րած կեն­սա­լոր­տա­յին այս տագ­նա­պը ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր հա­նա­գան­մանք­ներ ու­նի, քան քա­ղա­քա­կան պա­րա­նաձ­գու­թիւ­նը կամ նա­խա­գահ ընտ­րել-չընտ­րե­լու խնդի­րը:

Ինչ խօսք, որ աղ­բա­հա­նու­թեան խնդրին տակ նիւ­թա­կան կա­րե­ւոր գոր­ծարք­ներ կան եւ գու­ցէ այդ «կար­կան­դա­կին» բա­ժան­ման ան­կա­րե­լիու­թիւ­նը նաեւ այս խնդի­րը հա­մըն­դահ­նուր տագ­նապ մը դար­ձուց:

ՊԷՅ­ՐՈՒԹ ԵՒ Ե­ՐԵ­ՒԱՆ. ԵՐ­ԿՈՒ ՋՐՑԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՏԱՐ­ԲԵ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Ակ­նե­րեւ է, որ այս օ­րե­րուն Պէյ­րու­թի մէջ հա­ւա­քուած ցու­ցա­րար­նե­րուն դէմ գոր­ծի մղուած ջրցա­նը ա­ւե­լի ուժ­գին է, քան՝ Յու­նիս ամ­սուն Ե­րե­ւա­նի մէջ օգ­տա­գոր­ծուած ջրցա­նը: Եր­կու պա­րա­գա­յին ալ օ­րա­կարգ թե­լադ­րել փոր­ձող ու­ժը քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւնն է: Մինչ Ե­րե­ւա­նի աք­թի­ւիսթ­ները կը պա­հան­ջէին Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հո­սան­քին վրայ դրուած 7 դրա­մի թան­կաց­ման ջնջու­մը, ան­դին պէյ­րութ­ցի­ներու պա­հանջ­նե­րը սկիզբ կ­՚առ­նեն ա­մի­սէ մը ի վեր մայ­րա­քա­ղաքն ու ա­րուար­ձան­նե­րը լե­ցուած աղ­բերու խնդրին լու­ծու­մը: Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը են­թար­կուե­ցաւ «խա­ղի կանոն»նե­րուն եւ տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով աք­թի­ւիսթ­նե­րը ոս­տի­կա­նու­թեան  ճնշում­նե­րէն ետք հե­ռա­ցան ու վե­րա­բա­ցին տասնհինգ օր փակ պա­հուած Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան: Ե­րե­ւա­նեան հա­ւաք­ներու պատ­կե­րը ու­րուագ­ծուե­ցաւ քա­ղա­քա­կիրթ ե­րանգ­նե­րով եւ զգա­լի էր, որ «ա­մէն ինչ վե­րահս­կո­ղու­թեան» տակ էր, բա­ցի հա­ւա­քի ա­ռա­ջին օ­րը գրանցուած դէպ­քե­րէն, ուր բռնու­թեան հա­րուած ստա­ցան նոյ­նիսկ լրագ­րող­նե­րը: Պէյ­րու­թի պատ­կե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր է: Մինչ քա­ղա­քա­կան կող­մեր կը փոր­ձեն յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով մեղ­մել դրու­թիւ­նը, ան­դին քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժու­մի աք­թի­ւիսթ­ներ կը պա­հան­ջեն վար­չա­պե­տին, հե­տե­ւա­բար նաեւ կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նը: Յստակ է, որ Պէյ­րու­թի այս ցոյ­ցե­րուն «խա­ղի կա­նոն թե­լադ­րող» չկայ, ո­րով­հե­տեւ եր­կի­րը անգ­լուխ է (ա­ռանց նա­խա­գա­հի) եւ հա­մայն­քա­յին դրու­թեամբ ապ­րող երկ­րին մէջ վար­չա­պե­տին խօս­քը տի­րա­կան չէ հան­րու­թեան բո­լոր շեր­տե­րուն վրայ: Ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը բիրտ մի­ջոց­ներ կը կի­րա­ռեն ու մին­չեւ այս տո­ղե­րուն գրուի­լը քսա­նէ ա­ւե­լի վի­րա­ւոր­ներ կը փո­խադ­րուին հի­ւան­դա­նոց: Խնդի­րը այս­տեղ միայն աղ­բը չէ, այլ «քա­ղա­քա­կան աղբ»ը, ո­րուն մա­սին կը խօ­սէր նոյնինքն «բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեան» խորհր­դա­նիշ դար­ձած երկ­րի վար­չա­պե­տը:

Քա­ղա­քա­կան աղ­բի մաք­րու­թեան տուեալ­նե­րը ե­րեւե­լի ալ չեն, ո­րով­հե­տեւ շուրջ ե­րեք մի­լիոն բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող երկ­րին միայն քսան հա­զա­րը կը մաս­նակ­ցի այս ցոյ­ցե­րուն:

Եր­կի­րը ծանր հի­ւանդ է: Իսկ հի­ւան­դու­թիւ­նը համայն­քա­յին դրու­թիւնն է, ո­րուն հա­մար­կու­մը եւ շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ցան­կա­լի է քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր ու­ժե­րուն հա­մար:

Հե­տաքրք­րա­կա­նը այս ցոյ­ցե­րուն ժամկէտն է, մա­նաւանդ որ շրջա­նա­յին ու­ժեր ա­մէն գնով կը փոր­ձեն Լի­բա­նա­նը հե­ռու պա­հել սու­րիա­կան խնդրի հրդեհ­նե­րէն:

Եր­կու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մի­ջեւ պարզ հա­մե­մատու­թիւն մը ը­նե­լով կա­րե­լի է ը­սել, որ Պէյ­րու­թի ջրցա­նը կը գոր­ծէ բո­լո­րո­վին այլ հա­շուարկ­նե­րով: Ճիշդ է, որ բռնու­թեան մա­կար­դակ­նե­րու մի­ջեւ հա­մե­մա­տու­թիւն կա­տա­րե­լը ան­հե­թեթ գործ է, սա­կայն ե­րե­ւե­լի է, որ Ե­րե­ւա­նը կը շնչէ հայ­րե­նի­քի մը սիր­տը ըլ­լա­լու ռիթ­մե­րով: Ե­րե­ւա­նի մէջ ցու­ցա­րար­ներն ու ոս­տի­կան­նե­րը հա­րա­զատ­ներ են: Իսկ Պէյ­րու­թի մէջ գոր­ծադ­րուած բռնու­թիւ­նը ցոյց կու տայ բո­լոր սահ­մա­նա­գի­ծե­րը կտրող ա­տե­լու­թիւնը՝ մէկ կող­մէ ցու­ցա­րա­նե­րուն եւ միւս կող­մէ ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րուն մի­ջեւ:

Պէյ­րու­թը կրնայ այս ըն­թաց­քով քաո­սի դռնե­րը բա­նալ, ո­րով­հե­տեւ ժո­ղո­վուր­դին մօտ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան հան­դէպ առ­կայ ա­տե­լու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած քան­դում­ներ ը­նե­լու ուժ ու­նի:

Ու քան­դու­մը նախ մար­դուն ու­ղե­ղին մէջ է, որ կը ձե­ւա­ւո­րուի ու ա­պա կը տա­րա­ծուի տու­նէ-տուն, մայ­թէ-մայթ եւ փո­ղո­ցէ-փո­ղոց:

Նոյն քան­դու­մի ախտն էր, որ Պէյ­րու­թը տա­րաւ երեսուն տա­րի տե­ւած քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի: Եւ այ­սօր ալ այդ պա­տե­րազ­մը «հիմ­նող» բո­լոր տար­րե­րը կան:

Կա­րե­ւոր է դի­տար­կել, որ ի վեր գո­յա­ցած «շին­ծու» խա­ղա­ղու­թեան յան­կերգ­նե­րը չեն յա­ջո­ղած Պէյ­րու­թը Լի­բա­նա­նի սրտին վե­րա­ծե­լու:

Պէյ­րու­թը շատ-շա­տե­րուն հա­մար «պան­դոկ» էր ե­րէկ ու պան­դոկ է այ­սօր:

Կը մնայ հար­ցադ­րու­մը, ար­դեօք այս քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժու­մը, ո­րուն ձեռ­նոց­նե­րը սպի­տակ են, պի­տի կա­րո­ղա­նա՞յ դրա­կան ըն­թացք­նե­րու ճա­նա­պարհ մը բա­նալ, տրուած ըլ­լա­լով, որ աղ­բի, ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բազ­մա­պի­սի հար­ցե­րու ու­ժա­նակ­նե­րը ա­ւե­լի ու­ժեղ են, քան՝ այն ձեռ­նա­ռում­բե­րը, ո­րոնք 1975 թուականի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն կը նե­տուէին նոյն Պէյ­րու­թի փո­ղոց­նե­րուն վրայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015