ԱՐԺԱՆԹԻՆՑԻ ԵՐԳԱՀԱՆՆԵՐՈՒՆ ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Ար­ժան­թի­նի մէջ ա­ւան­դա­կան դար­ձած «Encuentros 2015» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի ժա­մա­նակ յարգան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցո­ւի Ե­ղեռ­նի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս Օ­գոս­տո­սի 31-ին պի­տի կա­յա­նայ «Վեր­ջին օ­րօ­րո­ցա­յին» ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան անդ­րա­նիկ ներ­կա­յա­ցու­մը՝ նո­ւի­րո­ւած ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին:

Ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հե­ղի­նակ­ներն են ար­ժան­թին­ցի եր­գա­հան­ներ Խո­ւան Մա­րիա Սո­լա­րի եւ Րաֆ­ֆի Ա­ւա­գեան: Դեռ ա­միս­ներ ա­ռաջ «Ար­ժան­թի­նի ժա­մա­նա­կա­կից ե­րաժշ­տու­թեան» մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադրա­մը ա­նոնց ա­ռա­ջար­կած էր ի յի­շա­տակ 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին գրել ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը, որ պէտք է ար­տա­յայ­տէր հայ ժո­ղո­վուր­դի մէկ­դա­րեայ ցաւն ու տա­ռա­պան­քը: Եր­գա­հան­նե­րը ընտ­րած են Ռու­բէն Սե­ւա­կի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներն ու ա­նոնց­մէ մի քա­նիին հի­ման վրայ գրել «Վեր­ջին օ­րօ­րո­ցա­յին» ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015