ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԻԻՆ ՀՆԱՐԱԾ ԱՐԻՒՆ ՄԱՔՐԵԼՈՒ ՍԱՐՔԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ

Ա­րիւն մաք­րե­լու (տիա­լիզ) փոքր, ա­ժան եւ ար­դիւ­նա­ւէտ սար­քը, ո­րուն հե­ղի­նա­կը գա­նատա­հայ Ա­նիա Փո­ղա­րեանն է, մի­ջազ­գա­յին ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած է։ «Հնդկաս­տանէն, Աւստ­րա­լիա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Հա­յաս­տա­նէն, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն եւ այլ տե­ղե­րէ նա­մակ­ներ կը ստա­նամ», յայտ­նած է Փո­ղա­րեան, որ տաս­նեօթ տա­րե­կա­նին կրցած է հնա­րել նշեալ սար­քը: Գա­նա­տա­յի տար­բեր ան­կիւն­նե­րէն հի­ւանդ­ներ եւս կապ հաս­տա­տած են ա­նոր հետ՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով ա­նոր, իսկ Օն­թա­րիո­յէն բժշկա­կան ըն­կե­րու­թիւն մը նոյնիսկ ա­ռա­ջար­կած է հո­վա­նա­ւո­րել ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ զտիչ­ներ տրա­մադ­րել:

Այս լու­րը, որ լայ­նօ­րէն լու­սա­բա­նուած էր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րով, մի­ջազ­գա­յին ուշադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած է, ինչ որ մղած է Ա­նիա Փո­ղա­րեա­նը անց­նե­լու յա­ջորդ հանգ­րուան: Իր իսկ խօս­քով՝ ա­ռանց ձեռ­քե­րը ծա­լե­լու կ՚աշ­խա­տի, որ­պէս­զի բա­րե­լա­ւէ իր սար­քը, որ մօ­տա­ւո­րա­պէս 500 տո­լար կ՚ար­ժէ: Ներ­կա­յիս նման սարքեր կ՚ար­ժեն մօ­տա­ւո­րա­պէս 30.000 տո­լար:

Ա­նիա Փո­ղա­րեան յայտ­նած է, թէ իր սար­քի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը, պար­զու­թիւնն ու փոքր չա­փը զայն ի­տէա­լա­կան կը դարձ­նեն յատ­կա­պէս զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րուն եւ ա­ղէ­տի վայ­րե­րուն մէջ գոր­ծա­ծե­լու հա­մար: Ան յոյս յայտ­նած է, որ սար­քը շու­կա­յի վրայ կ՚ըլ­լայ քա­նի մը տա­րիէն:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015