ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ այցելութիւններ տուաւ երիտասարդական ճամբարներուն։ Ծաղկաձորի մարզական խարիսխէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ «Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգորդներ» միջազգային երիտասարդական կազմակերպութիւններու կրթական ռազմամարզական մրցոյթ-հաւաքի մասնակիցներուն կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս հաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոսի 28-ը։
Նոյնպէս Ծաղկաձորի մէջ Սերժ Սարգսեան այցելեց Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած «Բազէ-2015» համահայկական երիտասարդական հաւաքին։
Սերժ Սարգսեան Սեւանի մէջ ալ այցելեց «Միասին» երիտասարդական շարժման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Միասին-2015» համահայկական երիտասարդական կրթական ֆորումի վրանային ճամբարը։
Բաց աստի, Ծովինար գիւղին մէջ ան այց մը տուաւ «Պատանի երկրապահ» կառոյցի ամառնային ճամբարը։
Իւրաքանչիւր հանգրուանին Սերժ Սարգսեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց երիտասարդներուն հետ ու պատասխանեց անոնց զանազան հարցումներուն։ Ըստ իրեն, ժամանակակից աշխարհին մէջ կան բազում դժուարութիւններ, որոնք կրնան յաղթահարուիլ համատեղ ջանքերով։ «Աշխարհի ամենալաւ բանը երիտասարդ ըլլալն է։ Վայելեցէք այս բնութիւնը, վայելեցէք իրարու ջերմութիւնը, մարտկոցի պէս կուտակեցէք ուժանիւթ, որպէսզի կարենաք երթալ եւ լաւ գործեր կատարել։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան երիտասարդներու հետ զրուցելու ժամանակ։
Այցելութիւններուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանին ընկերացաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։