ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒ ԴԱՓՆԵԿԻՐ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՆ ՈՒ ԻՐԵՆՑ ՄԱՐԶԻՉՆԵՐԸ
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ պարգեւատրեց վերջերս տեղի ունեցած Միջհամալսարանական համաշխարհային մարմնամարզի մրցաշարքերուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած հայ մարզիկներն ու անոնց մարզիչները։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Աշոտեան միեւնոյն ժամանակ նախագահն է Հայաստանի Ուսանողական մարզական դաշնակցութեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Աշոտեան հանդիպման ընթացքին յայտնեց, թէ մօտէն կը հետեւի ուսանող մարզիկներու ելոյթներուն ու կը հպարտանայ անոնց յաջողութիւններով։ Վերջին տարիներուն գործադրուած ջանքերուն շնորհիւ արձանագրուած են նոր նուաճումներ ուսանողական մարզաձեւերուն մէջ։ Թէեւ երկրի համալսարաններէն ներս ենթակառուցուածքներու իմաստով առկայ են դժուարութիւններ, սակայն հայ մարզիկները կը յաջողին ապահովել, որ երկրի դրօշը ծածանի աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։ «Նպատակասլաց եւ աշխատասէր մարդը յաջողութեան կը հասնի իր զբաղած բոլոր գործերուն մէջ», ըսաւ Աշոտեան եւ աւելցուց, թէ իր գլխաւորած նախարարութիւնը պատրաստ է հետագային եւս լաւագոյն պայմանները ընձեռել համալսարանական մարզիկներու ուսումնական ու մարզական նորանոր յաջողութիւններուն նպաստելու համար։
Ընդունելութեան ընթացքին պատուոյ գրեր յանձնուեցան դափնեկիր մարզիկներուն եւ խումբերուն։ Խրախուսական պարգեւներուն առընթեր շնորհուեցան նաեւ դրամական պարգեւներ։