ՃԱԲՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյճի Թակուչի յայտարարեց, որ ամէն տարի իր երկրէն տասը հազար հոգի կ՚այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ, թէ ներկայիս դեսպանատունը կ՚ուսումնասիրէ առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ «Մինչեւ հիմա հայ-ճաբոնական տնտեսական համագործակցութիւնը ըստ էութեան հիմնուած էր Ճաբոնի կողմէ տրամադրուած տնտեսական օգնութեան վրայ։ Մենք աւելի քան 400 միլիոն տոլար նուիրատուութիւն կատարած ենք Հայաստանին համար։ Կը կարծեմ՝ այսուհետեւ պէտք է ուսումնասիրել այլ ոլորտներու մէջ առեւտուրի եւ ներդրումներու, համագործակցութեան հնարաւորութիւնները», ըսաւ դեսպանը եւ ոգեւորութեամբ նշեց, թէ զբօսաշրջութեան բնագաւառէն ներս գոյութիւն ունի զարգացման մեծ ներուժ մը։ Յիշեցնելով, որ ամէն տարի աւելի քան տասը հազար հոգի Ճաբոնէն կ՚այցելէ Հայաստան՝ դեսպանը ըսաւ. «Սա հիանալի ցուցանիշ մըն է»։
Մինչ այդ, Էյճի Թակուչի Երեւանի մէջ այցելեց Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառը։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ Ճաբոնի մէջ Կոմիտաս ունի բազում համակիրներ։ Կոմիտասի թանգարան-կաճառի պատասխանատուները պատշաճ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին դեսպանը։ Անոնց ուղեկցութեամբ ան կատարեց շրջայց մը, նաեւ տեղեկութիւններ քաղեց տեղւոյն գրադարանին մէջ։ Թակուչի ստորագրեց նաեւ այցելուներու մատեանը։ Այցելութեան առթիւ դեսպանը յայտնեց, թէ թանգարանը հրաշալի է ու ինք խորապէս տպաւորուած։
Դեսպան Թակուչի միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, թէ Կոմիտաս կը շարունակէ արդիական ըլլալ իր ստեղծագործած երաժշտութեան գեղարուեստական եզրերով, թեքնիկ հնարքներով ու երաժշտական մտածելակերպով։ Ան հոծ թիւով համակիրներ ունի նաեւ Ճաբոնի մէջ ու ճաբոնցի բազում երաժիշտներ կը փափաքին համերգներով հանդէս գալ Հայաստանի մէջ։