ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ
Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը կը հասուննայ փուլ առ փուլ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային ժողով ուղարկեց սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն նախագիծը։ Այդ նախագիծը մշակուած է նախագահին առընթեր Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովին կողմէ։ Այդ յանձնաժողովի անդամներէն Վարդան Պօղոսեան Սերժ Սարգսեանի կողմէ խորհրդարանի մօտ պաշտօնական ներկայացուցիչ նշանակուած է՝ սահմանադրական բարեփոխումներու հարցերով։
Կը նախատեսուի, որ այս շաբթուընէ սկսեալ Նախագահ Սերժ Սարգսեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցութիւններ ունենայ՝ սահմանադրութեան բարեփոխումներու նախագծին մէջ որդեգրուած որոշումներուն կապակցութեամբ։
Միեւնոյն ժամանակ Սերժ Սարգսեան յանձնարարած է, որպէսզի մասնագիտական յանձնաժողովը շարունակէ երկխօսութիւնը Եւրոյանձնաժողովի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» մարմնին (Վենետիկի յանձնաժողով) հետ։ Այս վերջինը սկզբնական իր կարծիքին մէջ ներկայացուցած է զանազան հարցեր, որոնց առընչութեամբ տակաւին չեն գտնուած փոխադարձ համաձայնեցուած լուծումներ։
Նոր սահմանադրութեան նախագծին խորհրդարան ուղարկուիլը համընկնեցաւ այն շաբաթավերջին, երբ Հայաստանի մէջ նշուեցաւ անկախութեան հռչակագրին 25-ամեայ յոբելեանը, անշուշտ, բազում վէջերու մթնոլորտին մէջ։