ՆՈՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Թուր­քիա նոր գոր­ծըն­թա­ցով մը կը դի­մա­ւո­րէ ներ­կայ շա­բա­թը։ Յու­նիս 7-ին տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման հա­մար սահ­մա­նադ­րու­թեամբ նա­խա­տե­սուած 45 օ­րուան ժամ­կէ­տը ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս հա­սած է իր ա­ւար­տին։ Հի­մա ար­դէն, նոյն­պէս սահ­մա­նադ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով, հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րը Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն է։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նա­խա­տե­սուած ժամ­կէ­տին մէջ կա­րե­լի չէ ե­ղած նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծել, ար­դէն ան­խու­սա­փե­լի դար­ձած է ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կրկնուի­լը։ Էր­տո­ղան այ­սօր կը տե­սակ­ցի Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իս­մէթ Եըլ­մա­զի հետ, ինչ որ կը բնո­րո­շէ կան­խա­հաս ընտ­րու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կը։ Սա Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ան­նա­խըն­թաց ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է։ Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ո­րո­շում պի­տի ըն­դու­նի ընտ­րու­թիւն­նե­րու կրկնուե­լուն հա­մար։ Այս ո­րոշ­ման զու­գա­հեռ ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մար Էր­տո­ղան պաշ­տօ­նի պի­տի կո­չէ խորհր­դա­րա­նէն ա­նուն մը։ Ո­րե­ւէ տա­րա­կու­սանք չկայ, թէ այդ ա­նու­նը պի­տի ըլ­լայ այժ­մու վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն՝ որ­պէս խորհր­դա­րա­նէ ներս ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­թոռ­նե­րու տէր քա­ղա­քա­կան ու­ժին՝ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը։ Այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ առ­ժա­մեայ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի ստեղ­ծուի ա­մե­նէն ուշ մին­չեւ Ուր­բաթ օր։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար ա­մե­նա­հա­ւա­նա­կան թուա­կա­նը կը նկա­տուի Նո­յեմ­բե­րի 1-ը։ Թէեւ ո­րոշ լրա­տուա­մի­ջոց­ներ չեն բա­ցա­ռեր թուա­կա­նի փո­փո­խու­թիւն մը, սա­կայն ծա­նօթ է, որ շա­բա­թա­վեր­ջին Էր­տո­ղան ար­տա­սա­նեց այդ թուա­կա­նը։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ զա­նա­զան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէ գոր­ծիչ­նե­րուն ան­հա­տա­կան հիմ­քով ա­ռա­ջարկ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս նա­խա­րա­րի թեկ­նա­ծու։ ՃՀՓ­-ի եւ ՄՀՓ­-ի մօտ իր այս վե­րա­բեր­մուն­քը տե­ղի տուած է քննա­դա­տու­թեան։ Տա­վու­տօղ­լու այս հանգ­րուա­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը կը նկա­տէ ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն մը։ Իսկ ե­թէ ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մեր­ժեն այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րը, ա­պա ա­նոնք պի­տի փո­խա­րի­նուին ան­կախ ա­նուն­նե­րու կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան պա­րա­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ վստա­հու­թեան քուէի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը չէ նա­խա­տե­սուած։

Թուր­քիա այս նոր գոր­ծըն­թա­ցը կը թե­ւա­կո­խէ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ստեղ­ծուած բարդ ի­րադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Ա­հա­բեկ­չա­կան բռնա­րարք­նե­րը հա­մա­տա­րած ձե­ւով կը պա­խա­րա­կուին ամ­բողջ երկ­րին կող­մէ եւ ժո­ղո­վուր­դը ցաւ ի սիրտ հրա­ժեշտ կու տայ նա­հա­տակ­նե­րուն։ Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը ամ­բողջ թա­փով յա­ռաջ կը տա­նին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծողու­թիւն­նե­րը, այլ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Երկ­րի տնտե­սու­թիւնն ալ այս շրջա­նին կը դի­մագ­րա­ւէ դժուա­րու­թիւն­ներ, մա­նա­ւանդ, որ տա­րադ­րամ­նե­րու փո­խար­ժէ­քը կ՚ար­ձա­նագ­րէ վե­րի­վայ­րում­ներ, ա­մե­րի­կեան տո­լա­րին սա­կա­գի­նը հա­սած է գրե­թէ 3 լի­րա­յի սահ­մա­նին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015