ՍԱՆ ՄԱՐԻՆՈՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ ԱՆՐԻ ՎԵՐՆԷՕՅԻ «ՄԱՅՐԻԿ» ՎԷՊԻ ԻՏԱԼԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Սան Մա­րի­նո­յի մէջ պի­տի կա­յա­նայ ֆրան­սա­հայ բե­մադ­րիչ Ան­րի Վեր­նէօ­յի «Մայ­րիկ» վէ­պի ի­տա­լե­րէն թարգ­մա­նու­թեան շնոր­հան­դէ­սը: Գիր­քի հիման վրայ նկա­րահանո­ւած է նաեւ հա­մա­նուն շար­ժան­կար մը: Սան Մա­րի­նո­յի ռա­տիօ­հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան փո­խան­ցու­մով՝ շնոր­հան­դէ­սը պի­տի կա­յա­նայ Սեպ­տեմ­բե­րի 30-ին, Մշա­կոյ­թի քար­տու­ղա­րու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Գիր­քի ի­տա­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը 2015 թո­ւա­կա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ Թու­րի­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցած Գիրքի մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015