ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրը Կանաչ կլիմայական հիմնադրամին կողմէ ստացած է 20 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ՝ ամբողջ Հայաստանի տարածքով ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու, ծախսերը, ինչպէս նաեւ ածխածինի երկօքսիտի արտանետումը նուազեցնելու համար: Ուժանիւթի ոլորտին մէջ տրուող այս դրամաշնորհը առաջինն է Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ եւ երկրորդը՝ ամբողջ աշխարհի վրայ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, գանձատրումը ծրագրի խումբին կարելիութիւն կու տայ արդիականացնելու շուրջ վեց հազար ընտանիքներու բնակարաններու եւ հարիւր յիսուն հանրային շէնքերու, ներառեալ դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու արտաքին պատերը, մուտքը, տանիքները, առաստաղները, պատուհանները եւ յատակները: Ծրագրին նպատակն է լուծում տալ տուներու եւ հանրային շէնքերու ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան խնդիրներուն՝ այդպէսով նուազեցնելով անտառահատումները եւ ուժանիւթի սպառումը:
«Սա ամենամեծ ներդրումն է, զոր մեր գրասենեակը երբեւէ ստացած է: Մենք հպարտ ենք՝ պատկերացնելով, թէ այս ներդրումը ինչ կը նշանակէ մեր երկրի ապագային համար», յայտնած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի հայաստանեան գրասենեակի կլիմայական փոփոխութիւններու փորձագէտ Տիանա Յարութիւնեան: