ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ՍՈՒՐԻԱ
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թուրք զինեալ ուժերը լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկեցին՝ Սուրիոյ սահմանամերձ Ճերապլուս քաղաքէն ներս մաքրագործելու համար «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման տարրերը։
Երէկ, ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները օրուան տեւողութեան յարձակումներ կատարեցին Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններուն վրայ։ Այսպէս, ԻՇԻՊ-ի կողմէ վերահսկուած շրջաններէն յարձակումներու ենթարկուեցան Քիլիսը եւ Քարքամըշը։ Այդ յարձակումներէն վերջ զինեալ ուժերը թնդանօթային սաստիկ կրակով փոխադարձեցին ահաբեկիչներուն։
Օրուան տեւողութեան ապրուած այս լարուածութենէն վերջ, այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն ալ ԻՇԻՊ-ի դէմ Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները դրուեցան բոլորովին նոր հարթութեան մը վրայ։ Այսպէս, Թուրք զինեալ ուժերը միջազգային համախոհութեան զօրքերուն հետ մուտք գործեցին Սուրիոյ տարածքը։ Նախ, թրքական եւ միջազգային համախոհութեան ռազմաօդային ուժերը սաստիկ ռմբակոծման տակ առին Ճերապլուսը։ Աւելի վերջ, բանակի յատուկ նշանակութեամբ ստորաբաժանումները մուտք գործեցին Սուրիոյ տարածքը։ Ճերապլուսի շրջանը ԻՇԻՊ-էն մաքրագործման առաջադրութեամբ թրքական զօրքերը կ՚իրականացնեն լայնածաւալ գործողութիւններ։
ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ, ուր հիւրնկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Մեսուտ Պարզանիի հետ զրուցեց շուրջ ժամ մը 50 վայրկեան։ Պեշթեփէի պալատին մէջ դռնփակ տեղի ունեցաւ այս զրոյցը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։
Անդրադառնալով 15 Յուլիսին տեղի ունեցած պետական հարուածի ձախող փորձին՝ Մեսուտ Պարզանի շեշտեց, որ իրենք դիրքաւորուած են Թուրքիոյ ընտրուած իշխանութիւններու կողքին ու կը գնահատեն թուրք ժողովուրդին կողմէ ժողովրդավարութեան տէր կանգնելու ուղղութեամբ առնուած քայլերը։
Էրտողան եւ Պարզանի Պեշթեփէի մէջ կանգ առին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ, անդրադառնալով «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման եւ ՓՔՔ կազմակերպութեան։ Էրտողան-Պարզանի զրոյցին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ 15 Յուլիսի ձախող պետական հարուածը իրականացուցած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցը՝ ՖԵԹԷՕ-ն։ Երկու ղեկավարները շօշափեցին զանազան խնդիրներ՝ որպէսզի Հիւսիսային Իրաքի մէջ վերջ տրուի գործունէութեան այն կրթական հաստատութիւններուն եւ այլ կառոյցներուն, որոնք աղերս ունին ՖԵԹԷՕ-ի հետ։
Էրտողանի առընթեր Մեսուտ Պարզանի տեսակցեցաւ նաեւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Եըլտըրըմ-Պարզանի զրոյցն ալ տեղի ունեցաւ դռնփակ ու տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Պինալի Եըլտըրըմ ընդգծեց Թուրքիոյ կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը՝ Իրաքի եւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան անվտանգութեան, կայունութեան ու բարօրութեան նկատմամբ։ Ըստ վարչապետին, թրքական կողմը բարիդրացիութեան, բարեկամութեան ու եղբայրութեան կապերու ծիրէն ներս այս ուղղութեամբ անցեալի մէջ առած է անհրաժեշտ բոլոր քայլերը ու պատրաստակամ է ներկայիս ու ապագային ալ հետեւիլ նոյն ընթացքին։ Եըլտըրըմի խօսքերով, ՓՔՔ-ՓԵՏ-ն տարածքաշրջանի առկայ պայմաններուն ներքեւ կը փորձէ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի տպաւորութիւն ստեղծել եւ այսպէսով կը ձգտի օրինականացնել իր դիրքը։ Վարչապետը շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը պիտի շարունակեն վճռակամութեամբ պայքարիլ ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւններուն դէմ, ներառեալ ՓՔՔ-ն եւ ԻՇԻՊ-ը։ Իր կարգին, Պարզանին ալ Յուլիսի 15-ին եւ Թուրքիոյ մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումներուն հետեւանքով զոհուածներուն համար փոխանցեց իր վշտակցութիւնները։ Ան ընդգծեց, թէ Թուրքիոյ հետ ամբողջական զօրակցութեան եւ համագործակցութեան մէջ պիտի գտնուին՝ ինչ որ ալ ըլլան պայմանները։