ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր շփումներ կ՚ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն քառասուն օր վերջ Ճօ Պայտըն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Միօրեայ այցելութեան ընթացքին ան կը տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ։ Ճօ Պայտըն կ՚այցելէ նաեւ Ազգային մեծ ժողով, որ ռմբակոծուած էր ձախող պետական հարուածին ընթացքին։ Անգարայի մէջ նախատեսուած է նաեւ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահին մամլոյ ասուլիսը։
Ամերիկեան կողմը առաջին հերթին թէեւ զօրակցութեան բնոյթ մը կը վերագրէ Ճօ Պայտընի ներկայ այցելութեան, սակայն թրքական աղբիւրները կը շեշտեն, որ ՖԵԹԷՕ-ի հարցին շուրջ Անգարայի անհանգստութիւնը պիտի յանձնուի իր նկատառման։ Ծանօթ է, որ ձախող պետական հարուածը իրականացուցած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի՝ ՖԵԹԷՕ-ի պարագուլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն երկար տարիներէ ի վեր կը բնակի Փենսիլվանիոյ մէջ, ԱՄՆ։ Ներկայիս Թուրքիա յամառօրէն կը պահանջէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնումը։ Ամերիկեան կողմին հետ բոլոր մակարդակներու վրայ շփումներ յառաջ կը տարուին։ Ճօ Պայտընի այցելութեան ընթացքին ալ օրակարգի թիւ մէկ խնդիրը պիտի ըլլայ այս մէկը։ Պայտընի այցելութեան օրը կը զուգադիպի ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարութիւններէն բարձրաստիճան չորս դիւանակալներու Անգարայի շփումներուն։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, թրքական կողմը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին շրջագծով երեք առանցքներէ բաղկացեալ թղթածրար մը պիտի ներկայացնէ Ճօ Պայտընի նկատառման։ Այդ առանցքներէն մին է ՖԵԹԷՕ-ն եւ Կիւլէնի Թուրքիա արտայանձնման հարցը։ Միւս երկու առանցքները կը հանդիսանան «Իրաք-Շամի Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը եւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնն ու Սուրիոյ իր շառաւիղը ՓԵՏ-ն։ Ամերիկեան կողմը, մասնաւորապէս Սուրիոյ ներքին պատերազմի շրջագծով, կը յայտարարէ՝ որ կը գիտակցի Թուրքիոյ զգայնութիւններուն ՓԵՏ-ի եւ ՓՔՔ-ի ուղղութեամբ։ Թրքական կողմը ներկայիս կը պատրաստուի Ճօ Պայտընի նկատառման յանձնել իր գործնականութեան ակնկալութիւնը։ Արդարեւ, այդ յայտարարութիւններուն համահունչ գործնական քայլեր չեն առնուիր Ուաշինկթընի կողմէ։