Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՈՒՆԵՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՍԻՍԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՎԵՐԱՁԵՌՔԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԲԱՑՈՒԱԾ ԴԱՏԻՆ ՇՈՒՐՋ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Սի­սի եր­բեմ­նի մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­կան հա­մա­լի­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ բա­ցուած դա­տին ճա­կա­տա­գի­րը կը մնայ անս­տոյգ։ Մի­ջոց մը ա­ռաջ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դած էին, որ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին շուրջ ժխտա­կան տե­սա­կէտ ար­տա­յայ­տուած է Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։ Այդ ի­րա­դար­ձու­թե­նէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան շուրջ։ Այս­պէս, հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը այս նիւ­թին շուրջ շարք մը խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է Ժը­նե­ւի մէջ։ 27 Ապ­րիլ 2015 թուա­կա­նին Ան­թի­լիաս դի­մած էր Թուր­քիոյ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ պա­հան­ջե­լով Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի պատ­մա­կան կա­լուա­ծի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի մաս­նակ­ցու­թեամբ Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Թուր­քիոյ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը եւ յա­ռա­ջի­կա­յին առ­նուե­լիք քայ­լե­րուն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի եւ Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ստեղ­ծուած նոր պայ­ման­նե­րուն եւ ա­նոնց հա­ւա­նա­կան ազ­դե­ցու­թեան՝ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ բա­ցուած դա­տին վրայ։

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ բնա­կա­նա­բար այս դա­տին վե­րա­բե­րեալ առ­նուած իւ­րա­քան­չիւր քայ­լէն կամ ար­ձա­նագ­րուե­լիք ա­մէն տե­սակ ար­դիւն­քէն տե­ղեակ պի­տի պա­հուի հայ ժո­ղո­վուր­դը։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016