ԱՆԳԱՐԱ, ՊԱՂՏԱՏ, ԷՐՊԻԼ
Իրաքի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնեն միջազգային օրակարգի վրայ։ Ի լրումն այս բոլորին, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը որոշած է 25 Սեպտեմբերին ձեռնարկել անկախութեան հանրաքուէի մը։ Այս իրադարձութիւնը թէ՛ տարածքաշրջանի երկիրներուն եւ թէ համաշխարհային ազդու դերակատարներուն տեսակէտէ ունի լուրջ նշանակութիւն։ Հետեւաբար, երբ նախատեսուած հանրաքուէի թուականը կը մօտենայ՝ զուգահեռաբար թափ կը ստանայ նաեւ դիւանագիտական երթեւեկը։ Թուրքիա այս բոլորի կիզակէտին երկիր մըն է՝ որպէս տարածքաշրջանային ազդու խաղացող։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Փենթակոնի ղեկավարը, որ Իրաք կ՚այցելէր, միօրեայ շփումներու համար եկաւ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլիի կողմէ։
Երբ մայրաքաղաքի մէջ կը հիւրընկալուէր Փենթակոնի ղեկավարը, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ այցելեց Իրաք։ Պաղտատի մէջ ան տեսակցեցաւ Իրաքի Նախագահ Ֆուատ Մասումի, Վարչապետ Հայտար Էլ Իպատիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ճաֆերիի հետ։ Նախարարը Պաղտատէն վերջ ուղեւորուեցաւ Էրպիլ, ուր տեսակցեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Նախարար Չավուշօղլու թէ՛ Պաղտատի եւ թէ Էրպիլի մէջ յստակօրէն Թուրքիոյ կողմէ փոխանցեց այն պատգամը, թէ հանրաքուէն պէտք է յետաձգուի։ Պաղտատի մէջ իր պաշտօնակցին՝ Իպրահիմ Ճաֆերիի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ Թուրքիա յարգանք կը տածէ Իրաքի սահմաններուն ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Խնդիրները պէտք է լուծուին երկխօսութեամբ ու փոխադարձ հասկացութիւնով։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու Էրպիլի մէջ ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, հանրաքուէի վերաբերեալ թրքական կողմի մօտեցումները յստակօրէն յանձնուած են Մեսուտ Պարզանիի նկատառման։ «Մենք այս տարածքաշրջանի խաղաղութեան ու անդորրութեան կողմնակից ենք։ Կը խրախուսենք Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Միշտ յստակ ձեւով կը պաշտպանենք նաեւ քրդական շրջանի ղեկավարութեան ու մեր քիւրտ եղբայրներու իրաւունքը։ Մենք կը հաւատանք, թէ հանրաքուէն անդորրութիւն ու կայունութիւն պիտի չապահովէ այս տարածքաշրջանին համար։ Մենք մեր քիւրտ եղբայրներուն հետ խնդիր մը չունինք։ Մենք խնդիր ունինք ՓՔՔ-ի եւ ԵՓԿ-ի հետ։ Արդէն ՓՔՔ եւ ԵՓԿ Հիւսիսային Իրաքի քիւրտերուն ալ թշնամիներն են։ Շրջանային ղեկավարութեան թշնամին են։ Սակայն մենք Թուրքիոյ մէջ, Սուրիոյ մէջ, Իրաքի մէջ մեր քիւրտ եղբայրները կը զանազանենք ՓՔՔ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ։ Միշտ պաշտպանած ենք մեր քիւրտ եղբայրներու իրաւունքները։ Թուրքիա միշտ անոնց երկրորդ տունն է։ Այստեղ հարց մը չկայ», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու՝ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով։
Մինչ Չավուշօղլուի շփումները առաւել չափով կեդրոնացած էին Իրաքի առանցքին վրայ, Անգարայի մէջ Ճէյմս Մաթիսի այցելութեան ժամանակ վարուած բանակցութիւններուն կիզակէտին կը գտնուէին Սուրիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հերթական անգամ Փենթակոնի ղեկավարի նկատառման յանձնեց՝ որ Թուրքիա լուրջ անհանգստութիւն կ՚ապրի Ուաշինկթընի ղեկավարութեան կողմէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին տրամադրուած արդիական զէնքերուն ու զինամթերքին պատճառով։ Անգարա ՓԵՏ-ԵՓԿ-ն կը համարէ ՓՔՔ-ի Սուրիոյ շառաւիղը։ Թրքական կողմը վաղուց ահազանգ կը հնչեցնէր, որ ԱՄՆ-ի կողմէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին տրուած զէնքերը կրնան ՓՔՔ-ի ձեռքը անցնիլ եւ ահաբեկչական գործողութիւններու ժամանակ կրնան օգտագործուիլ Թուրքիոյ դէմ։ Ի հաստատումն այդ մտահոգութիւններուն՝ Անգարայի մէջ Ճէյմս Մաթիսին ներկայացուեցան ապացոյցներ՝ վերջին շրջաններուն ՓՔՔ-ական ահաբեկիչներու մօտ յայտնաբերուած ամերիկեան զէնքերու եւ զինամթերքի մասին՝ ապահովուած Սուրիոյ վրայով։
Էրտողանի կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտնուած անհանգստութեան առընթեր՝ Մաթիսի շփումներուն ընթացքին թրքական կողմը յստակօրէն շեշտեց, որ իր հարաւային սահմաններու երկայնքով քրդական գօտիի մը ստեղծուելուն թոյլ պիտի չտայ։ Անգարա անհանգիստ է նաեւ Աֆրինի շրջանի վերջին շարժումներէն, որոնք կը սպառնան Թուրքիոյ սահմաններու անվը-տանգութեան։ Ուստի, անհրաժեշտութեան պարագային Աֆրինի դէմ զինուորական գործողութեան պիտի ձեռնարկուի։
Կը հաղորդուի, որ թրքական եւ ամերիկեան կողմերուն միջեւ մեծ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին՝ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէի հարցին շուրջ։