Կիրակի 26, Յունուար 2025
ԻՏԱԼԻԱ Կ՚ԱՌՆԷ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Իտալիոյ իշխանութիւնները Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն յետոյ պեթոնէ ցանկապատեր տեղադրած են Հռոմի, Միլանոյի, Պոլոնիոյ, Թուրինի եւ այլ քաղաքներու մէջ՝ զբօսաշրջային գլխաւոր հնգագոյն ժառանգութիւններուն մօտ: Մասնաւորապէս, Միլանոյի մէջ ցանկապատեր տեղադրուած են Միլանոյի տաճարը տանող փողոցներուն վրայ: Պոլոնիոյ մէջ ցանկապատեր տեղադրած են Սան Փետրոնիօ մայր եկեղեցի տանող ճանապարհին: Նման ցանկապատեր յայտնուած են նաեւ Փալերմոյի մէջ։ Անոնք կը պատրաստուին ցանկապատեր տեղադրել նաեւ Հռոմի Վիա տել Քորսօ պողոտայի եւ Վիա տէի Ֆիորի հրապարակի մուտքին մօտ: Բացի այդ, Ճենովա եւ Նափոլի քաղաքներուն մէջ առաւել ուժեղացուած է ոստիկանական ծառայութիւնը:
Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017