ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ յաւելեալ մանրամասնութիւններ հրապարակեցին այս զրոյցի կապակցութեամբ՝ շեշտելով, որ Նորին Ամենապատուութիւնը առանձնապէս անդրադարձած է Վեհափառ Հայրապետի յոբելեանին։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական ժողովին, հոգեւորականաց դասուն ու մեր համայնքային մարմիններուն, ան շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցած է Նորին Սրբութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ընդգծած է, որ կ՚աղօթէ Վեհափառ Հայրապետի երկար ու արեւշատ կեանքին, նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար։Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդած էին, որ վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։ Վեհափառ Հայրապետը արագ ապաքինում մաղթած էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով ներկայիս բժշկական հսկողութեան տակ կը գտնուի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2021